ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սեպտեմբերի կէսին Երեւանի մէջ նախատեսուած Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին ընդառաջ նախապատրաստական աշխատանքները յառաջ կը տարուին թափով։ Այս անգամուան համաժողովը ունի առանձնայատկութիւն մը, որովհետեւ համաժողովի ընթացքին պաշտօնապէս պիտի հրապարակուի Համահայկական խորհուրդի հիմնադրութիւնը։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վերջերս Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսանի մօտ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին քննարկուեցան համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներն ու յիշեալ խորհուրդի ձեւաւորման վերաբերեալ հարցեր։

Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման վերաբերեալ հիմնական մօտեցումներուն եւ այդ մարմնի կազմաւորման դրութիւններուն վերաբերեալ զեկուցումով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան։ Այս վերջինը Համահայկական խորհուրդի կազմակերպչական յանձնախումբի աշխատանքներու համակարգման պատասխանատուներէն մին է։ Այս մօտեցումներն ու դրութիւնները քննարկման առարկայ պիտի դառնան նաեւ 18-20 Սեպտեմբերին նա-խատեսուած Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համաժողովի նիստերէն մէկուն ընթացքին։

Հաշուի առնելով համահայկական նոր կառոյցի վերաբերեալ նախորդ տարիներու քննարկումները՝ Սերժ Սարգսեան յանձնարարեց նախապատրաստել Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման նը-պատակներու, անդամակցութեան չափանիշներու, 2018-ին կայանալիք առաջին նիստի օրակարգի եւ աշխատակարգի նախագծերը՝ շահագրգիռ բոլոր կողմերուն հետ համապատասխան քննարկումներ ծաւալելով, ներառեալ Սփիւռքէ ներս գործող կազմակերպութիւններն ու կառոյցները։

Համահայկական խորհուրդ ստեղծելու շուրջ նախապատրաստական աշխատանքներու ձեռնարկելու որոշումը միաձայնութեամբ ընդունուած էր 2015 թուականի Սեպտեմբերին։ Այդ ժամանակ Սերժ Սարգսեան նշած էր, որ կը նկատուի աշխատանքի համադրման, պարբերական շփումներու մշտական հարթակ մը ձեւաւորելու ընդհանուր պահանջը։ Նոյնաժամանակ ձեւաւորուած էր կազմա կերպչական յանձնախումբ մը, որուն յանձարարուած էր նախաձեռնել խորհրդատուութիւններու լայն գործընթաց մը։ Աշխատանքի համակարգման պատասխանատուութեան կոչուած էին Գագիկ Յարութիւնեան եւ այդ ժամանակուան նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, որ ներկայիս պաշտպանութեան նախարարի պաշտօն կը վարէ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2017