ՄՐՑՈՒՄԸ՝ 8 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

«Եւրօ-2020»ի ֆութպոլի ախոյենութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 8 սեպտեմբերին տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Պոսնիա մրցումը՝ Ժ. խմբակին մէջ:

Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» մարզադաշտին վրայ: Հայաստանի խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ Ֆինլանտիա, Իտալիա, Յունաստան եւ Լիխթենշթայն: Հայաստանի կազմը, որ ցարդ կատարած է չորս մրցում, իր տրամադրութեան տակ ունի 6 կէտ եւ կը գրաւէ երրորդ դիրքը: Առաջին դիրքին վրայ է Իտալիա, որ ապահոված է առաւելագոյն 12 կէտը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 23, 2019