ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՐՏԱԿ ԴԱՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՌՄԱՄԲ ԿԱՅՈՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՍԱՀՄԱՆԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Արտակ Դաւթեան շաբաթավերջին «Սփութնիք Արմենիա» ռուսական գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու առկայ լարուածութեան կապակցութեամբ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ սահմանային իրավիճակը, ընդհանուր առմամբ կայուն է, մեծ փոփոխութիւններ չկան։ «Ինչ կը վերաբերի անոնց՝ մեր տարածքը լքելուն, ապա բազմիցս յայտարարուած է, որ ջանքեր կը գործադրուին՝ մասնաւորապէս դիւանագիտական գետնի վրայ։ Այդ աշխատանքին վրայ որոշում պիտի տրուի զինեալ ուժերու մասով։ Աշխատանքները կ՚ընթանան, մենք կը յուսանք, թէ հարցը կը լուծուի», ըսաւ ան։

Հարցազրոյցին մէջ զօրավարը դիտել տուաւ նաեւ, որ Հայաստանի զինեալ ուժերու կիրառման վերաբերեալ որոշումը պիտի տրուի՝ ըստ դիւանագիտական աշխատանքի արդիւնքներուն։

ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի բանակէն զինուորներ այս շրջանին դարձեալ ռազմափորձերու կը մասնակցին Թուրքիոյ մէջ։ Վերջին շրջանին երկու երկիրները համատեղ զօրավարժութիւններ կ՚իրականացնեն գրեթէ ամէն ամիս։ Այս անգամուան ռազմափորձերը տեղի կ՚ունենան Կէլիպոլուի մէջ։ Անոնք կազմակերպուած են «Եղբայրական պրիքաթ» նախագծի շրջանակներէն ներս։ «Մենք միասնական բռունցք ենք «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսի ներքեւ», նշուած է Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021