«ԿՈՄԻՏԱՍ»Ը ԴԷՊԻ ԵՐԵՒԱՆ

Կը տեղեկանանք, որ ներկայիս «Եոլճու» թատերախումբն ու Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնեն դէպի Հայաստան։ Թատերախումբը արդէն երէկ մեկնած է Երեւան, իսկ երգչախումբը վաղը պիտի ուղեւորուի՝ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։

Ինչպէս ծանօթ է, «Եոլճու» թատերախումբի եւ Լուսաւորիչ երգչախումբի համագործակցութիւնը վերջերս ողջունելի պտուղներ կու տան՝ «Կոմիտաս» ներկայացումներու շարքով։ Այս ծրագրին յաջողութեան գաղտնիքը մէկ կողմէ երկու խումբերու մակարդակն է, իսկ միւս կողմէ՝ Կոմիտասի մարմնաւորած կերպարի եւ արժէքներու լաւագոյնս արտացոլումը։

Թուրքիոյ մէջ ցայսօր քանիցս ներկայացուած «Կոմիտաս»ը ներկայիս Հայաստանի ճանապարհը բռնած է։ Խաղը առաջին անգամ պիտի բեմադրուի Երեւանի մէջ։ Այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը կեանքի կը կոչուի Եւրոմիութեան խրախուսանքով եւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կազմակերպութեամբ։

Երեւեանեան ներկայացումները նախատեսուած են «Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոն»ի (ՆՓԱԿ) երդիքին տակ՝ 26 եւ 27 օգոստոսին։

Ուղեւորութեան ընդառաջ Լուսաւորիչ երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան մեզի յայտնեց, որ «Կոմիտաս» ներկայացումներու շարքը չափազանց մեծ իմաստ կը ներկայացնէ իր խումբին տեսակէտէ, իսկ անոր Երեւանի մէջ բեմադրութեան նշանակութեան մասին խօսիլը արդէն աւելորդ է, որովհետեւ յաչս երգչախումբին ամէն ինչ կը բազմապատկուի։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2022