«ՍՈՒՐՄԱԼՈՒ»Ի ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ. ՀԵՏԵՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Սուրմալու»ի ողբերգութիւնը քանի մը ուղղութիւններով ուշացած հետեւութիւններու առիթ կու տայ:

Նախ եւ առաջ դէպքին ահաւորութիւնը ցաւակցելու, սգոյ օր յայտարարելու, զոհերու եւ ընդհանրապէս տուժածներու ընտանիքներուն ամէն տեսակի աջակցութիւն ցուցաբերելու հրամայականը կ՚ընդգծէ: Նման ողբերգութիւններ անշուշտ պէտք չէ քաղաքականացնել եւ առաւելներ ձեռք բերելու առիթի ծառայեցնել: Ընդ որում՝ համակողմանիօրէն: Ո՛չ գովերգել պետութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու աշխատանքին կատարելագործութիւնը, ո՛չ ալ մէկ ուղղութեամբ աշխատիլ բարդել ամբողջ պատասխանատուութիւնը: Նոյնիսկ հասկնալի նկատել զոհուածներու, վիրաւորուածներու կամ անհետ կորսուածներու ընտանեկան պարագաներու զայրոյթի եւ ցասումի զգացական դրսեւորումները:

Կա՛յ պատասխանատուութիւն: Մանաւանդ երբ կը յայտարարուի, որ տարի մը առաջ հաստատութիւնը տուգանուած է նման հրդեհավտանգ նիւթեր պահելու անբաւարար պայմաններու համար: Չկան կամ չեն աշխատած հակածխային եւ հակահրդեհային համակարգերը. եւ ասիկա լրջագոյն անվտանգային խնդիր է, որ պատճառած է բազմաթիւ զոհեր:

Պատասխանատուութիւնը քանի մը շերտ եւ մակարդակ կ՚ենթադրէ: Նախ հաստատութեան սեփականատիրութիւնը, հաստատութեան տնօրէնութիւնը, որոնք հակառակ տուգանումին եւ զգուշացումին չեն դիմած անհրաժեշտ միջոցառումներուն, հաստատութիւնը վնասազերծելու առումով:

Ապա, այն համապատասխան գերատեսչութիւնները, որոնք եկած են եւ ստուգած հրդեհավտանգ իրավիճակը, տուգանած են հաստատութիւնը, թելադրած դիմելու համարժէք միջոցներու, որոնք սակայն յետագային չեն հետապնդած խնդիրը:

Կայ պատասխանատուութեան երրորդ ուղղութիւնը, որ պայթումէն ետք կ՚առընչուի որոնողափրկարարական համակարգերուն: Փորձաքննութիւնը ուրեմն կը վերաբերի թէ՛ նախապայթումնային եւ թէ՛ յետպայթումնային իրավիճակներուն: Այս երկրորդի պարագային յանգելիք եզրակացութիւնը պիտի որոշէ, թէ որքա՛ն արագ ու արհեստավարժ կատարողականութիւն դրսեւորուած է հրդեհաշիջումի, տուժածներու օգնութեան, տարհանման, ծխահարուածներու փրկութեան եւ ընդհանրապէս անհետ կոր-սըւածներու որոնման աշխատանքներուն ընթացքին:

Եւ կայ տակաւին այլ պատասխանատուութեան բաժին. եթէ իրօք արծարծուած է կամ նոյնիսկ դիմում եղած, որ հրավառութեան արտադրանքին դէմ սահմանափակումներ ճշդուին, ընդհանրապէս կասեցուի հրագործարաններուն արտադրանքը կամ միայն պետական բաժանմունքներուն թոյլ տրուի յատուկ առիթներու օգտագործել այդ նիւթերը, ապա ինչո՛ւ չեն ճշդուած այդ սահմանափակումները: Հարց է՝ առեւտուրի կամ գերշահոյթներու գերակայութիւնը քաղաքացիներուն անվտանգութենէն:

Հիմա, քաղաքական բաժինը: Որքան ալ տեսականօրէն ըսենք, որ նման ճգնաժամային իրավիճակներուն պէտք է բացառել խուճապը, չքաղաքականացնել խնդիրը եւ փորձել կեդրոնանալ եղածը փրկելու առաջադրանքին վրայ, պէտք է արձանագրել, որ նման պարագաներուն չի շրջանցուիր քաղաքական վարկածներ առաջ քշելու փորձութիւնը: Ինչ որ համատարած երեւոյթի վերածուեցաւ հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներուն մէջ:

Թէկուզ քաղաքական ոսպնեակով, այդուհանդերձ առարկայական դիտարկումներ կան: Համընդհանուր էր յիշելը, որ «Սուրմալու»ի պայթումի նախօրեակին իրերայաջորդ էին օդակայանի, մեթրոյի կամ հանրային վայրերու մէջ ռումբի ահազանգները, որոնց նպատակը անկայունութեան մթնոլորտ ստեղծելն էր: Պաշտօնական յայտարարութիւններով կը բացառուի ահաբեկչութեան վարկածը. զուգահեռ, Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը կը զգուշացնէր իր քաղաքացիները հանրային վայրեր այցելելէ կամ շրջագայելէ:

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ աննկատ չմնացին հասարակական եւ ընկերային ցանցերու հարթակներու վրայ պատահարին պատասխանատուութիւնը ռուսական կեդրոններու վրայ բարդելու միտումները. ռուսական գերատեսչութիւնը բողոքագիր ղրկեց հայաստանեան իր պաշտօնակցութեան՝ ակնկալելով դէմ դնել այդ երեւոյթին:

Քաղաքական նշանակութիւն ունի անշուշտ այլ պետութիւններու կողմէ յղուած ցաւակցագիրներու երեւոյթը: Քաղաքական ընթերցումի կ՚ենթարկուի անոնց ներկայացուցիչներուն պետական աստիճանաչափը՝ նախագահի, վարչապետի թէ արտաքին գործոց նախարարի մակարդակները նկատի ունենալով: Ուշադրութենէ չի վրիպիր Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա երկխօսութեան գործընթացին թուրք ներկայացուցիչին յայտնած ցաւակցութիւնը:

Եւս մէկ դիտարկում: Նման աղէտալի դէպքերու պարագային, երբ յստակ կա՛յ պետական համապատասխան գերատեսչութիւններու պատասխանատուութեան կարեւոր բաժին, ժողովրդավար երկիրներու մէջ կը յանգի պատասխանատուութիւն կրողներու պաշտօններէ հրաժարականին: Յատկապէս եւրոպական կեդրոններէ քաղաքականացուած գնահատականներով ժողովրդավարութեան բարձր վկայականներու արժանացած մեր երկրին մէջ այս օրինաչափութիւնը ընդհանրապէս չի կիրարկուիր: Ո՛չ միայն «Սուրմալու»ի ողբերգութեան առիթով:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2022