ԱԱԾ-Ի ԿՈՂՄԷ ՅՍՏԱԿ ՃՇԴՈՒՄ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ։ Այս առթիւ պարզաբանուեցաւ, որ Ատրպէյճան-Նախիջեւան տարանցման վերաբերեալ Հայաստանի տեղական կամ միջպետական նշանակութեամբ ճանապարհներու փակուիլը չի նախատեսուիր։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ եւ ընկերային ցանցերուն վրայ վերջերս շրջանառուիլ սկսած են զանազան լուրեր, ըստ որոնց Հայաստանի տեղական եւ միջազգային նշանակութիւնով ճանապարհները պիտի փակուին Ատրպէյճան-Նախիջեւան տարանցման համար, ինչ որ, միեւնոյն ժամանակ, պիտի խոչընդոտէ նաեւ երկրի բնակիչներու ազատ տեղաշարժը։ Այս բոլորի լոյսին տակ ԱԱԾ շեշտեց, որ խնդրոյ առարկայ լուրերը իրականութեան չեն համապատասխաներ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2022