ՄԱՀՄՈՒՏ ԱՊՊԱՍԻ ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր կը հիւրընկալէ Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավար Մամհուտ Ապպասը։ Յետմիջօրէի ժամերուն Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ վերջ Էրտողան եւ Ապպաս կ՚ունենան առանձնազրոյց մը։ Անգարայի մէջ նախատեսուած է նաեւ անոնց համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ Ապպասի ի պատիւ Էրտողան պաշտօնական ընթրիք մըն ալ կը սարքէ Պեշթեփէի մէջ։ Ուղեւորութեան ծրագիրը վաղը պիտի հասնի իր աւարտին։

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Թուրքիա-Պաղեստին յարաբերութիւնները եւ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները։ Կողմերը կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենան տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթով արդիական խնդիրներու շուրջ։ Էրտողան եւ Ապպաս կը շօշափեն նաեւ երկկողմանի համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղեալ հաւանական քայլերը։

Հարկ է յիշեցնել, որ այս շրջանին Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացն ալ հասունցած է էապէս։ Երկու երկիրները արդէն հասած են վերստին դեսպաններ նշանակելու փուլին։ Ապպասի Անգարա այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ այս իրավիճակին մէջ եւ անշուշտ կը մեկնաբանուի համապատասխան համայնապատկերին վրայ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 23, 2022