ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ երկու նախարարներու հեռախօսազրոյցը։ Էրտողան եւ Մաքրոն վերջին անգամ անցեալ ապրիլին տեսակցած էին։ Յաջորդող ժամանակահատուածին Անգարա-Փարիզ առանցքին վրայ ստեղծուեցաւ մեծ լարուածութիւն մը։ Թուրքիա եւ Ֆրանսա ամենաբարձր մակարդակի վրայ բանավէճի մը բռնուեցան՝ անտեսելով նոյնիսկ դիւանագիտական պատշաճութիւնները։ Այս բոլորի պատճառն էր արեւելեան Միջերկրականի ծանր իրադրութիւնը։ Ուստի, Էրտողանի եւ Մաքրոնի երէկուան հեռախօսազրոյցը մեծ կարեւորութիւն ներկայացուց՝ Անգարայի եւ Փարիզի միջեւ նոր երկխօսութեան մը հաստատման տեսանկիւնէն։

Նախագահ Էրտողան ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնին մէջ կը գտնուէր՝ Մաքրոնի հետ հեռաձայնով խօսելու ժամանակ։ Ներկայ էին նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան, Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի պետ Ֆահրետտին Ալթուն եւ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն։ Երէկուան հեռախօսազրոյցի հիման վրայ օրակարգի վրայ եկած է Չավուշօղլուի Ֆրանսա այցելութիւնը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախագահներու երէկուան հեռախօսազրոյցին ժամանակ օրակարգի վրայ եկան Թուրքիա-Ֆրանսա եւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւնները՝ արեւելեան Միջերկրականի գլխաւորութեամբ։

Նախագահ Էրտողան զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ արեւելեան Միջերկրականի լարուածութիւնը ծնունդ առած է՝ Թուրքիոյ եւ Կիպրոսի թուրքերու տարածքաշրջանի օրինական իրաւունքներու արհամարհման հետեւանքով։ Ըստ իրեն, անիմաստ է Ֆրանսայի կողմէ խրախուսումը՝ Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի այն առաւելապաշտ պնդումներուն ու քայլերուն, որոնք կը հրահրեն լարուածութիւնը։ Էրտողան բացատրեց, որ Թուրքիա աչք չունի ոեւէ մէկու իրաւունքին վրայ, սակայն իր իրաւունքներն ալ յափշտակել չի տար ոեւէ մէկուն։ Նախագահը ընդգծեց, որ ինչպէս միշտ, այսօր ալ Անգարա երկխօսութեան ու համագործակցութեան կողմնակից է խնդիրներու լուծման համար։ Ըստ Էրտողանի, լարուածութեան յաղթահարման համար պէտք է արժեւորուին դիւանագիտական հնարաւորութիւնները ու պէտք է կեանքի կոչուին տեւական բանակցային գործընթացները։ Թրքական կողմը կը ձգտի բոլոր խնդիրները սեղանի շուրջ քննարկել ու լուծել։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Էրտողան մատնանշեց, որ այս գործընթացէն ներս Ֆրանսայէն կ՚ակնկալուի աչալուրջ եւ շինիչ դիրքորոշում մը։ Ան օգտակար համարեց Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ խորհրդակցութեան եւ հաղորդակցութեան դրութիւններու տեւական բանեցումը։

Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Եւրոմիութեան մօտալուտ գագաթաժողովին։ Մաքրոնի հետ զրուցելու ժամանակ ան նշեց, որ ԵՄ-ի գագաթաժողովին պէտք է որդեգրուի երկխօսութեան եւ համագործակցութեան խրախուսման հետամուտ մօտեցում մը։ Սա կարեւորութիւն կը ներկայացնէ տարածքաշրջանային խնդիրներու լուծման հնարաւորութիւններու տեսանկիւնէն։

Էլիզէի պալատէն ալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ երէկուան հեռախօսազրոյցին մասին։ Այսպէս, նախագահներու խօսակցութիւնը տեւած է աւելի քան ժամ մը։ Անոնք անդրադարձած են արեւելեան Միջերկրականի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։ Մաքրոն գոհունակութիւն յայտնած է, թէ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ճանաչողական տեսակցութիւնները պիտի վերսկսին։ Ան փափաք յայտնած է, որ այդ տեսակցութիւնները կատարուին բարեացակամութեամբ եւ լարուածութեան յաղթահարման մտահոգութեամբ։ Ֆրանսական պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մաքրոն կոչ ուղղած է նաեւ, որ նման երկխօսութիւն մը սկսի նաեւ Թուրքիոյ եւ Յունական Կիպրոսի միջեւ։ Ըստ Փարիզի աղբիւրներուն, նախագահ Մաքրոն ընդգծած է, որ միշտ պատրաստ է երկխօսութեան ու կարեւորութիւն կ՚ընծայէ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ ամուր յարաբերութեան մը ձեւաւորման։ Այս բանը պէտք է խրախուսուի բաց եւ շահերու նկատմամբ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ։ Էլիզէի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան բովանդակած մանրամասնութիւններով, Մաքրոն կոչ ուղղած է, որպէսզի Թուրքիա յարգէ Եւրոմիութեան երկիրներու գերիշխանութիւնն ու միջազգային իրաւունքը, խուսափի այնպիսի միակողմանի նոր շարժումներէ, որոնք լարուածութիւն կրնան հրահրել եւ Միջերկրականի պարագային առնէ քայլեր, որոնք առանց անորոշութեան խաղաղութեան ու կայունութեան դաշտ մը կրնան կառուցել։

Երկու ղեկավարները որոշած են այս նիւթերուն շուրջ երկխօսութիւնը շարունակել թէ՛ անձամբ եւ թէ նախարարներու մակարդակով։

Էրտողան-Մաքրոն հեռախօսազրոյցի մթնոլորտին մէջ թրքական լրատուամիջոցները կ՚անդրադառնան նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 75-րդ նստաշրջանի բացման ժամանակ Ֆրանսայի ղեկավարին ունեցած ելոյթին։ Հեռավար ճառախօսութեան ընթացքին Էմմանիւէլ Մաքրոն յայտնած է, որ Ֆրանսա կը յարգէ Թուրքիան եւ երկխօսութեան պատրաստ է անոր հետ։ Ըստ իրեն, արեւելեան Միջերկրականի բախումներու գօտիի մը վերածուիլը կանխարգիլելու համար պէտք է յարգել միջազգային իրաւունքը եւ պէտք է ազդու երկխօսութիւն մը ծաւալել։ Մաքրոն պահանջած է, որ Լիպիոյ եւ Սուրիոյ պարագային Թուրքիոյ գործողութիւնները ըլլան բաց։ «Անարգանքները ազդու չեն։ Այս խօսքերն ու շարժումները տեղ չունին՝ պատասխանատուութեան վրայ հիմնուած միջպետական յարաբերութիւններու մէջ։ Մենք՝ եւրոպացիներս պատրաստ ենք երկխօսութեան», ըսած է Մաքրոն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2020