ԶԳԱԼԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս շաբաթավերջին համայնքային շրջանակները հիւրընկալեց՝ եկեղեցւոյ տարեկան սիրոյ սեղանին առթիւ։ Թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ հանգանակութիւնը այս տարի եւս մեր համայնքին կողմէ շօշափելի զօրակցութեան մը դրսեւորումը հանդիսացաւ։ Թէեւ յայտարարուած պիւտճէի բացը ամբողջութեամբ հաւասարակշռել հնարաւոր չեղաւ, սակայն ֆէրիգիւղցիները ունեցան նուազագոյն երաշխիքներ՝ դպրոցի առաքելութիւնը կայուն հունի մը մէջ պահելու տեսանկիւնէն։

Ս. Վարդանանց եկեղեցին երէկ լեցուած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զատիկ Վարդապետ Պապիկեան եւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սեդրակ Սրկ. Տավութհան, Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, Սայաթ Սրկ. Չընարեան, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Ի ժամ Ս. Պատարագի նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգըս-տեան պաշտօն ու տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրերը։ Հաւաքոյթին մասնակցեցան երեսփոխան Սելինա Տողան, երեսփոխան Կարօ Փայլան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետար, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ Սիրան Սուրքի, ինչպէս նաեւ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ օրուան պատուոյ հիւրն էր՝ դիմագրաւած ըլլալով սիրոյ սեղանի բոլոր ծախսերը։ Հաւաքոյթին ներկայ էին նաեւ համայնքային բարերարներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին սիրոյ սեղանի բոլոր մասնակիցները։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Քարէն Թերզիեանի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթներով հանդէս եկան ատենապետ Մանուկ Էօղէր, թաղային խորհուրդի ատենադպրուհի Ազնիւ Մեծատուրեան եւ վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու յառաջիկայ ընտրութիւններուն կը նախատեսէ վերստին առաջադրել իր թեկնածութիւնը։ Սարըկիւլ այժմէն տեղեկացուց, որ ընտրուելու պարագային կը նախատեսէ Մէրամէթճեան վարժարանի տարեկան պիւտճէն հաւասարա-կըշռել քաղաքապետարանի միջոցներով։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ յաջող ելոյթներով հանդէս եկան Մէրամէթճեան վարժարանի սաները, որոնք արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու։ Անոնք ներկայացուցին պարեր եւ արտասանութիւններ։ Տղաքը խմբերգներով ալ հանդէս եկան Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։

Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հուսկ բանքով եւ Տէրունական աղօթքով։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ ընդգծեց, որ մերօրեայ սերունդներուն վիճակած հիմնական խնդիրներէն մին է պոլսահայ վարժարաններու մատակարարումը։ Մեր ժողովուրդը միշտ տէր կանգնած է իր դպրոցներուն՝ նոյնիսկ ամենադժուար ժամանակաշրջաններուն։ Ան յիշեցուց, որ վերջին բարեփոխումներուն զուգահեռ մեր համայնքը ունեցած է հարստացող կարգ մը թաղեր, սակայն անցեալի հայահոծ այդ թաղերը ներկայիս բնակչութենէ նօսրացած են։ Իսկ այն թաղերը, ուր այսօր առաւել չափով կեդրոնացած է մեր ժողովուրդը, անհամեմատօրէն բարձրացած ծախսերու դէմ յանդիման մնացած են։ Անոնց կարիքները աւելցած են, որովհետեւ մեր ժողովուրդի նիւթական կարելիութիւնները սահմանափակուած են։ «Մենք փայլուն միտքով մարդոց շառաւիղներն ենք, սակայն այս խնդիրները լուծել չենք յաջողիր։ Առկայ երթը լաւ չէ։ Մեր վարժարաններու պիւտճէները չեն հաւասարակշռուիր եւ մենք այս ընթացքով ապագային պիտի դժուարանանք վարիչներ գտնել։ Երբ որ մեր դպրոցներու պարագային նիւթական անբաւարարութիւններ կ՚ըլլան՝ մեր միտքը եկած առաջին լուծումը կ՚ըլլայ տուեալ դպրոցը փակել։ Մինչդեռ, դրամի արժէքը կարիքներուն միջոցաւ կը բիւրեղանայ։ Մենք քով քովի գալով, համախմբուելով պէտք է լուծենք այս հարցերը», ըսաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ անունները թուարկելով աւելցուց, որ մեր համայնքի ունեւոր հաստատութիւնները պէտք է ներգրաւուին ընդհանուր զօրակցութեան մը մէջ։ Իր խօսքերով՝ զօրակցութիւնը պէտք է այնպէս մը կազմակերպուի, որ օգնութիւնն ու հակակշիռը դառնան զուգընթաց։

        v             

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2017