ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Դէպի Հռոմ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալուեցաւ Իտալիոյ վարչապետ Ճիւզեփփէ Քոնթէի կողմէ։ Քիճի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ երկու վարչապետներու հանդիպումը։ Իտալիոյ վարչապետը իր պաշտօնական նստավայրին մէջ զինուորական արարողութիւնով դիմաւորեց հայ պաշտօնակիցը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Ճիւզեփփէ Քոնթէ նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Վարչապետները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Փաշինեան եւ Քոնթէ քննարկեցին երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ մը։ Վարչապետները ծաւալուն ձեւով անդրադարձան միջազգային անվտանգութեան արդի հարցերուն, Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին։ Փաշինեան ներկայացուց Երեւանի կողմէ իրականացուած մարդասիրական առաքելութիւնը։ Կողմերը համադրեցին իրենց դիրքորոշումները Սուրիայէ ներս կայունութեան վերականգնման հարցին մէջ։ Վարչապետները անդրադարձան տարածքաշրջանային անվտանգութեան այլ հարցերու՝ կարծիքներ փոխանակելով Եւրոմիութիւն-Իրան եւ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Անոնք կանգ առին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վրայ։ Վարչապետները կարեւորեցին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդէն ներս համագործակցութիւնը։ Փաշինեան պաշտօնական այցելութիւնով Հայաստան հրաւիրեց իր իտալացի պաշտօնակիցը։

Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ալ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Ճիւզեփփէ Քոնթէի հետ ունեցած են բովանդակալից եւ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ։ «Գործընկերոջս ներկայացուցի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ վիճակը՝ վերահաստատելով Հայաստանի պատրաստակամութիւնը շարունակելու համար աշխատանքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Այս առումով արժեւորեցինք իրարու համար զգայուն հարցերու պարագային հաւասարակշռուած դիրքորոշումներու եւ մօտեցումներու պահպանման կարեւորութիւնը», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2019