ԻՇԻՊ-Ի ԴԷՄ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըք յայ­տա­րա­րեց, որ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն գծով նա­հա­տակ­նե­րուն թի­ւը բարձ­րա­ցած է 16-ի։ Ան մաղ­թեց, որ Աս­տուած հան­գիստ շնոր­հէ ա­նոնց հո­գի­նե­րուն։

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի մէջ Ֆիք­րի Ը­շըք ե­րէկ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին շուրջ։ Նա­խա­րա­րը յի­շե­ցուց, որ Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տէն ի վեր մեր տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս նման տակ­նուվ­րա­յու­թիւն մը ծա­գած է ան­նա­խըն­թա­ցօ­րէն։ Առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ, «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը յա­ռաջ կը տա­րուի մեր ժո­ղո­վուր­դի անվ­տան­գու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու եւ անվ­տանգ գօ­տի մը ստեղ­ծե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ՝ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քին հա­մա­հունչ։ Թուր­քիա ա­պա­ցու­ցա­նած է, որ իր ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան տե­սան­կիւ­նէն շատ կա­րե­ւոր տա­րած­քաշր­ջա­նէ մը ներս պի­տի չհան­դուր­ժէ ա­հա­բեկ­չա­կան մի­ջանցք­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման եւ կա­տա­րուած ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու։ Թուր­քիա այն եր­կիրն է, որ մե­ծա­գոյն պայ­քա­րը կը մղէ տա­րած­քաշր­ջա­նի բո­լոր ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ։ «Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կին կը տրուի մեր զօր­քե­րուն ա­ջակ­ցու­թիւ­նը՝ որ­պէս­զի Սու­րիոյ հիւ­սի­սը զտուի ա­հա­բեկ­չա­կան ա­մէն տե­սակ սպառ­նա­լի­քէ», ը­սաւ նա­խա­րա­րը։

Խորհր­դա­րա­նին մէջ Ֆիքրի Ը­շըք ընդգ­ծեց նաեւ, որ ներ­կայ փու­լին մեծ ջան­քեր կը գոր­ծադ­րուին՝ որ­պէս­զի Էլ Պապ քա­ղա­քը մաք­րա­գոր­ծուի Ի­ՇԻՊ-էն («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում)։ Այս կէ­տին վրայ ա­հա­բե­կիչ­ներն ալ կը ցու­ցա­բե­րեն մեծ դի­մադ­րու­թիւ­ն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2016