ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼ

Հայաստան-Իրան սահմանին վրայ սկսաւ գործել «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտին։ Սիւնիքի մարզէն ներս, «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի գործունէութեան պաշտօնական սկիզբին առթիւ կազմակերպուած արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի մասնակցութեամբ։ Հայաստան-Իրան սահմանին վրայ կը հաստատուի այս ազատ տնտեսական գօտին, որ ունի տարածքաշրջանային նշանակութիւն։ Այս ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծուիլը ռազմավարական քայլ մը կը նկատուի Հայաստանի տնտեսութեան եւ անոր միջազգային գործընկերներու հետ համարկման տեսակէտէ։

Կարէն Կարապետեանի առընթեր, պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Սէյիտ Քեազըմ Սաճիտ, Հայաստանի Տնտեսական զարգացման ու ներդրումներու նախարար Սուրէն Քարայեան, այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ խումբ մը գործարարներ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիսութեան ընթացքին Սուրէն Քարայեան նշեց, որ առաջին փուլին ստեղծուած են անհրաժեշտ նուազագոյն ենթակառուցուածքները եւ ազատ տնտեսական գօտիի սկիզբին տեսակէտէ նախապայմաններ։ Այս բոլորը կատարուած են կազմակերպելու համար գործընկերութիւնը այն ընկերութիւններուն, որոնք այդ ազատ տնտեսական գօտիէն ներս գործելու փափաք ունին։ Նախարարի բացատրութիւններով, յաջորդ փուլին կը ծրագրուի տարածքի ընդլայնումը՝ ստեղծելով նախապայմաններ շահութաբեր գործունէութիւն ծաւալելու։ Սուրէն Քարայեան ընդգծեց, որ արդէն իսկ կան յստակ ընկերութիւններ, որոնք փափաք յայտնած են գործունէութիւն ծաւալելու համար «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի։

Հայաստանի հարաւային սահմանին վրայ տեղակայուած «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիէն ներս գործունէութիւն ծաւալողները զերծ պիտի ըլլան շահութահարկէ, աւելացուած արժէքի հարկէ, մաքսատուրքերէ ու պիտի վճարեն միայն եկամտային հարկ։ Ազատ տնտեսական գօտիի հնարաւորութիւնները կարելի չափով օգտագործելու համար թոյլատրուած է ոլորտային լայն ընդգրկուածութիւն։ Ներկայացուած պիտի ըլլան գիւղատնտեսութեան, մշակող արդիւնաբերութեան, առեւտուրի, փոխադրումներու եւ պահեստային տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու համար հնարաւորութիւններ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017