ՍԵԴԻ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ռամկավար ազատական կուսակցութեան «Պայքար» շաբաթաթերթը վերջերս անդրադարձած է սփիւռքահայ երախտաշատ թատերական գործիչ, բեմարուեստի վարպետ Սեդի Գօչունեանին։ Յիշեալ թերթի համապատասխան համարը թէեւ մեզի հասաւ որոշ յապաղումով մը, սակայն հաշուի առնելով, որ Սեդի Գօչունեան թատերական աշխարհի տաղանդաւոր, սակայն անտեսուած նուիրեալ մըն էր՝ ստորեւ կ՚արտատպենք իրեն ձօնուած գրութիւնը, որու հեղինակն է Տքթ. Աւետիս Եափուճեան։ Հարկ է նշել, որ Սեդի Գօչունեան եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի նուիրեալներէն։ Ապրած եւ ստեղծագործած է՝ նախ Եգիպտոսի, ապա Աւստրալիոյ մէջ։

*

Այս աշխարհէն բաժնուելէս առաջ, ճիտիս պարտքը նկատեցի արդարութիւնը մատուցելու այս տաղանդաւոր արուեստագէտին,  յանձին՝ Սեդի Գօչունեանին, որ ապրեցաւ բեմին վրայ եւ բեմին համար, բայց իր վերջին շունչը աւարտեց… բեմէն վար։

Այս աշխարհի վրայ բացարձակապէս անթերի մարդ գոյութիւն չունի։ Ամէն մարդ անխտիր, թերութիւն մը կամ թերութիւններ ունի։ Սակայն, ամէն մարդ առաւելութիւններ, առաքինութիւններ կամ արժանիք մը եւս ունի ընդհանրապէս։ Եւ ուրեմն, մարդը դատելու համար պէտք է անոր առաւելութիւնները կշիռքի մը մէկ նժարին մէջ դնել, իսկ միւսին մէջ՝ անոր թերութիւնները, եւ տեսնել, թէ նժարներէն ո՛ր մէկը աւելի ծանր կը կշռէ, եւ ըստ այնմ վերաբերելու համար այդ մարդուն հետ։

Սեդի Գօչունեանն ալ, որպէս մարդ արարած, բացառութիւն չէր կրնար կազմել։ Եգիպտահայութիւնը Սեդի Գօչունեանի թերութիւններն ու արժանիքները դնելով կշիռքին երկու նժարներուն մէջ, կշռած էր եւ գտած, որ անոր արժանիքները, որպէս արուեստագէտ, աւելի ծանր կը կշռեն եւ ըստ այնմ ալ, զայն գնահատած էր, աչք գոցելով անոր մարդկային տկարութիւններուն վրայ, անտեսելով մարդուն յատուկ թերութիւնները։

Սակայն, Սեդի Գօչունեանին հանդէպ նոյն վերաբերումը չցուցաբերեց աւստրալահայութիւնը, որ կշիռքին մէջ ծանր կշռած նժարը տեսնելով, զայն անտեսած էր՝ չըսելու համար արհամարհած։ Եւ Սեդի Գօչունեանը, այդ տաղանդաւոր արուեստագէտը, այդ տաղանդաւոր բեմադրիչն ու դերասանը, աւստրալահայութեան ծոցին մէջ ապրեցաւ ամուլ կեանք մը, մինչեւ իր առողջական ծանր վիճակը, առաւել եւս ամլացուցած էր իր անցեալի այնքան բեղուն կեանքը։

Անշուշտ աւստրալահայութեան մէջ բացառութիւններ կային, ինչպէս՝ Նուպար Սողոմոնեանը, որ եղբայրական վերաբերում ցուցաբերեց անոր կենդանութեան։ Կամ Յակոբ Էլմասեանը, որ Սեդի Գօչունեանին սնարին վերեւ կանգնած մնաց այն ժամանակներուն, երբ Սեդին մահուան դատապարտուած՝ իր եղերական վախճանին կը սպասէր, եւ անոր մահէն ետքն ալ, Յակոբ Էլմասեան թաղման եւ յուղարկաւորութեան բոլոր ձեւակերպութիւնները կատարեց, ինչ որ յետագային պիտի կրկնը-ւէր, երբ անոր քոյրը՝ Պելինան, պիտի երթար միանալու իր եղբօր։

Սեդի Գօչունեան եգիպտահայ բեմին ամենափայլուն աստղերէն մին հանդիսացաւ։ Ան փայլեցաւ եգիպտահայ բեմին վրայ, եւ շողշողուն փայլ մը տուաւ անոր։ Սեդին ինքը՝ ինքնին թատերական դպրոց մըն էր, որ սակայն, իր յաջորդները չունեցաւ։ Իրմով ծագեցաւ ան, իրմով փայլեցաւ եւ իրմով ալ վերջացաւ։ Գօչունեանի բեմադրութիւնները տեղի կ՚ունենային ամենահարազատ մթնոլորտի մը մէջ։ Ան իր բեմադրութիւններուն կենդանութիւն կու տար, իրականութեան պատրանքը կը ստեղծէր հանդիսատեսին մօտ։ Իր բեմադրութիւնները դիտողները, կարծէք իրական կեանքի մէջ կ՚ապրէին եւ ոչ թէ բեմին վրայ ներկայացում մը կը դիտէին։

Այսպէս, օրինակի համար, եթէ բեմին վրայ ճաշարանի մը տեսարանը կար, բեմին ետին՝ ինք միս… կը խորովէր, որուն բուրմունքը կ՚երթար մինչեւ ռունգերը հանդիսատեսներուն, կամ եթէ «կրակ» կար բեմին վրայ, ինք բեմին ետին՝ թուղթեր կ՚այրէր, այրուածքին հոտը տարածելով սրահին մէջ, կամ երբ ներկայացման հերոսը սրտի տագնապ մը կ՚անցընէր, անոր բերնէն փրփուր դուրս կու գար…։ Ինչպէ՞ս այս հարազատ մթնոլորտը կը ստեղծէր… ատիկա իր՝ բեմադրիչին գաղտնիքն էր։

Սեդի Գօչունեան անկրկնելի յաջողութեամբ կը ներկայացնէր հաւասարապէս ողբերգութիւններն ու կատակերգութիւնները։ Մինչեւ այսօր, աւելի քան կէս դար ետք, տակաւին աչքիս առջեւն է 1959 թուականին «Չարշըլը Արթին Աղա» կատակերգութեան իր անզուգական դերակատարումը։ Այդ առթիւ, Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին մէջ կը գրէի. «Սեդիին խաղարկութիւնը այնքան բնական եւ մանաւանդ՝ այնքան ծիծաղաշարժ էր, որ միւս դերակատարները դժուարաւ կը զսպէին իրենց խնդուքը»։

Սեդի Գօչունեանի բեմադրութիւններուն եւ դերակատարումներուն յաջողութեան արձագանգը մինչեւ Հայաստան հասած էր։ Արդարեւ, իմացած էի, թէ Սեդի Գօչունեանի լուսանկարը զետեղուած էր Երեւանի Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ։ Եւ երբ 1970 թուականին, առաջին անգամն ըլլալով Հայաստան կ՚երթայի, այցելելով այդ թանգարանը, ստուգեցի, թէ սփիւռքահայ հարիւրաւոր մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու լուսանկարներու շարքին կար նաեւ Սեդի Գօչունեանի լուսանկարը։

Գօչունեանի բեմադրութիւնները, ինչպէս եւ իր խաղարկութիւնները տասնեակներով ներկայացումներու մէջ յայտնուած են։ Ինք իր գլուխ գործոցը կը համարէ «Քոռատօ» ողբերգութեան մէջ իր ներկայացումն ու դերակատարումը, սակայն, ինծի համար, ըստ իմ հասկացողութեանս, իր գլուխ գործոցն է «Չարշըլը Արթին Աղա» համբաւաւոր կատակերգութեան իր ներկայացումն ու խաղարկութիւնը։

Գօչունեանի յաջողութիւնները եգիպտահայ բեմին վրայ էին։ Երբ Աւստրալիա եկաւ, «ոչ եւս է… թատրոնը» կը գրէր թղթակից մը։ Բայց դժբախտաբար, աւստրալահայ գաղութին մօտ, ան յարմար գետին չգտաւ եւ իր տաղանդը խամրեցաւ ընդմիշտ։

Այն օրերուն, երբ Սիտնիի ՀԲԸՄ-ի մասնաժողովը թատերախումբ կը կազմէր, եւ անոր անուն մը տալու փնտռտուքին մէջն էր, վարչականներէն Տիգրան Տիգրանեանը առաջարկեց զայն կոչել Սեդի Գօչունեանի անունով, պայմանաւ որ ան իր արխիւը յանձնէր Բարեգործականին, այլ վարչական մը՝ Թագւոր Գալուճեանը՝ այժմ հանգուցեալ, ընդդիմացաւ, թէ ո՞վ է Սեդի Գօչունեանը, որ իր անունով պիտի կոչենք մեր թատերախումբը։ Եւ մասնաժողովը յանգեցաւ «Վահրամ Փափազեան» անունին, թէեւ այդ անունով մէկէ աւելի թատերախումբեր կան հայագաղութներուն մէջ։

Երբ խօսք բացի Սեդի Գօչունեանի արխիւին մասին, յիշատակեմ, թէ ան իր մահէն բաւական առաջ, օր մը ինծի հեռաձայնեց եւ ինձմէ խորհուրդ ուզեց, թէ որո՞ւ յանձնէր իր արխիւը, իրեն թելադրեցի Բարեգործականին վստահիլ զայն։ Համաձայն չգտնուեցաւ։ Տակաւին պահած էր իր դառնութիւնը աւստրալահայ գաղութին հանդէպ…։ Ուրեմն, առաջարկեցի Փարիզի Բարեգործականի «Նուպարեան» մատենադարանին ղրկել։ Համաձայն գտնուեցաւ եւ նոյնիսկ ինծի առաջարկեց այդ առաքումը ինքս կատարեմ, որուն համար, ան խոստացաւ գումար մը յանձնել ինծի՝ որպէս առաքումի ծախսեր։ Սակայն, այդ խոստումէն ետք, այլեւս անգամ մըն ալ չանդրադարձաւ այդ հարցին, իսկ ես ալ բնաւ չհետաքրքրուեցայ։ Արդ, չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ եղաւ այդ արխիւին ճակատագիրը։ Հաւանաբար, Յակոբ Էլմասեանը տեղեակ պիտի ըլլայ, քանի որ Սեդի Գօչունեանի կեանքին վերջին շրջանին ինքն էր անոր հոգատարը։

Երկար տարիներէ ի վեր, Գօչունեան կը տառապէր լեարդի «սիրոզ» կոչուած անբուժելի հիւանդութենէն։ Սակայն, իր կեանքին թելը կտրեց արեան խլիրդը-քաղցկեղը։ Բժիշկները իրեն վեց ամսուան կեանք տուած էին։ Եւ իսկապէս ալ հազիւ վեց ամիս բոլորած, իր սիրտը դադրեցաւ բաբախելէ։ Թէեւ ինք համակերպած էր ու հաշտուած մահուան գաղափարին հետ։

Այդ ընթացքին, երբ իրմէ ուզեցի իր լուսանկարը, ան անմիջապէս հասկցաւ նպատակս… «որպէսզի երբ մեռնիմ թերթին մէ՞ջ դնես…», ըսաւ։ Իր մահէն քանի մը ամիս առաջ, երբ գրած էր իր վերջին յօդուածը՝ «Առագաստը միշտ կանգուն պէտք է մնայ» վերնագրով, ղրկած էր ինծի՝ զայն լոյս ընծայելու համար «Միութիւն» ամսագրին մէջ։ Երբ հարցուց ինծի, թէ ե՛րբ կրնամ հրատարակել զայն, իրեն պատասխանեցի. «քանի մը ամիսէն»։

«Բայց ես մինչ այդ մեռած կ՚ըլլամ» բացագանչեց ան…

Զինք հանգստացուցի, թէ ինք անձնապէս անպայման պիտի կարդար…։ Խոստումս յարգեցի եւ Սեդի Գօչունեանը մեկնեցաւ այս աշխարհէն՝ խաղաղած հոգիով…

Այն ինչ որ զլացանք Սեդի Գօչունեանին իր կենդանութեան, այժմ՝ յետմահու, արժանին մատուցենք գէթ իր յիշատակին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 23, 2017