ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՄԻՇՏ ԽՈՒԼ

Քաղաքական անելը, որ հետզհետէ կը խորանայ մտահոգիչ թափով, կը շարունակէ գրաւի տակ պահել Հայաստանը։ Պատերազմի ծանր հետեւանքներուն տակ կքած երկիրը ելք մը կը փնտռէ՝ նոր իշխանութեան մը ձեւաւորումով, սակայն բեկումնային պահը կը յապաղի։ Մինչ Հայաստանէ ներս առկայ տագնապը միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան ալ առարկայ կը դառնայ, իշխանութիւններն ու ընդդիմութիւնը կը ջանան յառաջ տանիլ իրենց որդեգրած ընթացքը։ Միացեալ ընդդիմութիւնը յամառօրէն կը պահանջէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, իսկ այս վերջինը միշտ կը մնայ խուլ՝ հակառակ իր շուրջ հետզհետէ սեղմուող օղակին։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը երէկ Հայաստանի մէջ բողոքի ալիքը նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ։ Ամբողջ երկրէն ներս յայտարարուած էր գործադուլ եւ դասադուլ, ինչ որ կը շարունակուի նաեւ այսօր։ Օրուան տեւողութեան քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումներ տեղի ունեցան։ Ընդդիմութիւնը մեծ հանրահաւաք մըն ալ իրականացուց Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, որ դարձաւ պայքարի սիրտը։ Առանց բռնութեան, զերծ մնալով հաւանական ամէն տեսակ սադրանքներէ, ընդդիմութիւնը գործնականօրէն շըր-ջափակեց կառավարութեան շէնքը, որ իրաւապահ մարմիններու խիստ հսկողութեան տակ առնուած է։ Հանրահաւաքի ընթացքին ընդդիմադիր ղեկավարները հանդէս եկան ելոյթներով։ Օրուայ աւարտին ցուցարարները երթ մը կատարեցին կառավարութեան շէնքին շուրջ շրջելով եւ անոնցմէ ոմանք գիշերեցին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Ընդդիմութեան երէկուան գործողութիւններէն վերջ, զանազան լրատուամիջոցներ այս առաւօտ հաղորդեցին, որ կարգ մը ընդդիմադիր առաջնորդներ հրաւիրուած են Հայաստանի Քննչական կոմիտէ՝ բացատրութիւններ տալու համար։

«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Վազգէն Մանուկեան երէկ կոչ ուղղեց, որպէսզի ուժային կառոյցները՝ բանակն ու ոստիկանութիւնը միանան ժողովուրդին, իրենց շարժման։ Վազգէն Մանուկեան ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Փաշինեան պատերազմը այնպիսի պահու մը մէջ կանգնեցուց, որ ունեցանք ամենածանր կորուստը։ Հեռանալու ժամանակ ալ այդպէս պիտի ընէ։ Այնպիսի պահու մը մէջ պիտի երթայ, որ պիտի բերէ ամենամեծ վնասը։ Սա իր բնաւորութիւնն է»։

Իր կարգին, Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանն ալ երէկ հանդէս եկաւ զգուշացումներով։ «Դժբախտաբար, մեր երկրէն ներս կը շարունակուի հասարակական-քաղաքական հարթակ բերուած «նոր ու նախկին», «սեւ ու սպիտակ» պիտակաւորման խօսոյթը, որ խտրականութիւն սերմանելու անթոյլատրելի օրակարգ մըն է», ընկերային ցանցերու վրայ գրեց Արման Թաթոյեան։ Թէ՛ ընդդիմութեան եւ թէ իշխանութեան պարագային Արման Թաթոյեան նշեց, որ հրապարակային ելոյթներու մէջ անհանդուրժողութիւնը կը խորացուի եւ լարուածութիւնը կը հրահրուի։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2020