ՕԼԿԱ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ

Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի կողակցին՝ Օլկա Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան ձեռնարկ մը, որ համախմբեց մշակութասէրները։ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Օլկա Թումանեանի յիշատակին ձօնուած ցուցահանդէս մը, որու շրջանակին մէջ ներկայացուած են բացառիկ նմոյշներ։ Այս առթիւ ներկայացուեցաւ նաեւ «Մայրիկը. Օլկա Թումանեան» անուն նոր հրատարակուած գիրքը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը, որով ամփոփ ձեւով ներկայացուեցաւ Օլկա Թումանեանի կեանքը։ Թանգարանէն ներս վերաստեղծուած էր Օլկա Թումանեանի սենեակը, ուր ներկայացուած էին անձնական իրեր, նաեւ անձնական ճաշատեսակներու կամ քաղցրաւենիքներու բաղադրատոմսեր։ Թանգարանի տնօրէնուհի Անի Եղիազարեան այս առթիւ նշեց, որ փորձած են Օլկա Թումանեանի երկար ու դժուար, բայց, նաեւ ամուր եւ ուժեղ տեսակի կեանքը ներկայացնել հանրութեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2021