«ԿԵԱՆՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ»

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղին՝ Հենրիխ Մխիթարեանի ֆութպոլի կեանքէն ներս արդէն սկսած է նոր փուլ մը։ Հայ աշխարհահռչակ կիսապաշտպանը այլեւս կը կրէ Լոնտոնի նշանաւոր «Արսէնալ» ակումբին մարզաշապիկը։

Հենրիխ Մխիթարեան, որ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» նոյնպէս ծանօթ անգլիական ակումբի մարզաշապիկով հասաւ լուրջ յաջողութիւններու, ապագային դարձեալ Անգլիոյ մէջ պիտի փորձէ զարգացնել իր նուաճումները։

Փոխանցման ներկայ փուլին «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի համակիրներն ու խումբի շարք մը խաղացողները հրաժեշտ տուին հայ կիսապաշտպանին։ Կարմիրներու համակիրները ընդգծեցին իրենց ջերմ զգացումները Մխիթարեանի նկատմամբ, մինչ իր նախկին խաղընկերներն ալ անոր մաղթեցին ապագայ յաջողութիւններ։ Այս բոլորէն վերջ, Հեն-րիխ Մխիթարեանն ալ հարժեշտի պատգամով մը դիմեց «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի համակիրներուն եւ իր նախկին խաղընկերներուն։ Մխիթարեան ընդգը-ծեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ էր այս մեծագոյն ակումբին հետ շահիլ Եւրոպայի լիկի բաժակը։ Ան միշտ մեծ գնահատանքով պիտի յիշէ այդ բոլորը։ «Ես վայելած եմ ամէն վայրկեանը, զոր անցուցած եւ բաժնած ենք միասին», նշած է Մխիթարեան իր հրաժեշտի խօսքին մէջ։ Ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն յայտնելով եւ յաջողութիւն մաղթելով «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի համակիրներուն եւ իր նախկին խաղընկերներուն՝ Մխիթարեան խօսքը աւարտած է ըստ հետեւեալի. «Կեանքը կը շարունակուի»։

Հենրիխ Մխիթարեան, որ երեքուկէս տարուան պայմանագիր մը կնքած է Լոնտոնի «Արսէնալ» ակումբին հետ, պիտի կրէ թիւ 7 մարզաշապիկը։ Անգլիոյ «Փրէօմիէր լիկ»ի խաղերուն ան թէեւ «Արսէնալ»ի թիւ 7 մարզաշապիկով հանդէս պիտի գայ, բայց այդ մարզաշապիկը պիտի չկարենայ կրել Եւրոպայի լիկի խաղերուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յայտնի դարձած է նաեւ, թէ Հենրիխ Մխիթարեան ինչ մակարդակի վարձատրութիւն մը պիտի ունենայ «Արսէնալ» ակումբին կողմէ։ Այսպէս, հայ կիսապաշտպանը ամէն շաբաթ պիտի շահի աւելի քան 200 հազար սթերլին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018