ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Փարիզի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ Էլիզէի պալատին մէջ, Սերժ Սարգսեանի դիմաւորման արարողութենէն վերջ, երկու երկիրներու ղեկավարները հանդիպում մը ունեցան աշխատանքային ճաշի ձեւաչափին մէջ։ Աւելի վերջ Սերժ Սարգսեան եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին իրենց հանդիպման արդիւնքները ամփոփեցին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։

Օրուան տեւողութեան Սերժ Սարգսեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Ֆրանսուա տը Ռիւժիի հետ։ Պուրկոնեան պալատին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումէն վերջ, նախագահ Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ։

Իր ֆրանսացի պաշտօնակցին հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Սերժ Սարգսեան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի մասին ըսաւ հետեւեալը. «Անշուշտ, խօսեցանք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին, որ տակաւին մեր տարածքաշրջանի ամենազգայուն հարցերէն մին է։ Բարձր գնահատեցի Ֆրանսայի՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիր, մօտեցումներն ու երկարամեայ ջանքերը, որոնք ուղղուած են հիմնախնդրի խաղաղ հանգուցալուծման եւ մեր տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութեան, կայունութեան ու համագործակցութեան հաստատման։ Հայաստան յանձնառու է շարունակելու համանախագահներու միջնորդութեամբ բանակցութիւնները։ Յայտնի է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը կը պայքարի ազատութեան, ինքնորոշման համար եւ այսպիսի պայքարը չի կրնար բարեյաջող աւարտ չունենալ»։

Իր կարգին, Էմմանիւէլ Մաքրոնն ալ նոյն կապակցութեամբ ըսաւ հետեւեալը. «Անդրադարձանք նաեւ միջազգային հարցերուն՝ յատկապէս այն համատեսքին մէջ, որ Հայաստանի մերձաւոր հարեւանութեամբ տեղի կ՚ունենան խորքային զարգացումներ՝ Թուրքիոյ, Իրանի, Ռուսաստանի մէջ։ Անոնք կրնան ըլլալ մտահոգութեան առարկայ, սակայն անոնք միեւնոյն ժամանակ նաեւ գործելու շարժառիթ են։ Նախագահ Սարգսեանին ըսի իմ համոզումը. Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը սառեցեալ հակամարտութիւններու շարքին չի դասուիր, իսկ ներկայ կարգավիճակը կայուն չէ։ Միայն բանակցութիւնները թոյլ կու տան հասնիլ երկարաժամկէտ լուծման՝ ի շահ տարածքաշրջանի ժողովուրդներու։

«Սա պիտի ըլլայ լուծում մը, որ համարձակ փոխզիջումներ եւ յստակ գործողութիւններ կը պահանջէ բոլոր կողմերէն։ Բանակցութիւններու վերսկսումը, որուն կը մասնակցէիք նաեւ դուք, պարոն նախագահ, եւ ձեր ատրպէյճանցի գործընկերը Ժընեւի մէջ անցեալ 16 Հոկտեմբերին, որոնք յետագային շարունակուեցան արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով, քաջալերող են։ Անոնց պէտք է հետեւին յստակ գործողութիւններ։ Մեզ եւս կը շնորհաւորեմ, որովհետեւ անցեալ շաբաթ Քրաքովի մէջ կայացած արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը անցած է շինիչ մթնոլորտի մը մէջ եւ կը յուսամ, թէ այդ ոգեւորութիւնը մեզ յառաջ կը տանի։ Մենք լաւ կը գիտակցինք, որ գործընթացը տակաւին փխրուն է, իսկ տեղւոյն վրայ իրավիճակը անկայուն է։ Ուստի, բացարձակ անհրաժեշտութիւն է, որ այս երկխօսութեան վերսկսումը տանի յստակ յառաջընթացի։ Յամենայնդէպս, ես վստահեցուցի պարոն նախագահը իմ անձնական ներգրաւուածութեան մասին, ինչպէս կը հետեւիք այս իրավիճակին եւ մեր ռուս եւ ամերիկացի գործընկերներու հետ կը դիտարկենք կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու բոլոր հնարաւորութիւնները»։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փարիզի մէջ Սերժ Սարգսեան եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն անդրադարձան նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան վերաբերեալ զանազան հարցերու։ Յառաջիկայ Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսախօսութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գագաթաժողովը։ Երէկ, Մաքրոն պաշտօնապէս վերահաստատեց, որ յառաջիկայ աշնան Հայաստան պիտի այցելէ մասնակցելու համար այդ գագաթաժողովին։ Նախագահ Սարգսեանի դէպի Ֆրանսա աշխատանքային այցելութեան առաջին փուլը աւարտած է Փարիզի այս շփումներով։ Ուղեւորութեան երկրորդ փուլի ծրագիրը ան կ՚իրականացնէ Սթրազպուրկի մէջ, ուր կը մասնակցի Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ձմրան նստաշրջանին։ Նախագահ Սարգսեան այս նստաշրջանի ծիրէն ներս հանդէս կու գայ ելոյթով մը եւ կը պատասխանէ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի պատգամաւորներու հարցումներուն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018