ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին յառաջ կը տանին «Ձիթենիի ճիւղ» լայնածաւալ գործողութիւնները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ցարդ աւելի քան 260 ահաբեկիչ չէզոքացուած է այս գործողութիւններու ծիրէն ներս։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, բանակն ալ տուած է երեք նահատակ՝ Սուրիոյ հիւսիսին ցայսօր տեղի ունեցած գործողութիւններուն ժամանակ։

Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ այս գործողութիւնները տեղի կ՚ունենան Թուրքիոյ՝ միջազգային իրաւունքէ բխած իրաւասութիւններուն, ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի համաձայնութեան 51-րդ յօդուածի տրամադրութիւններով պայմանաւորուած ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի հիման վրայ։ Նոյն յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ նաեւ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը։

Անգարա «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը յառաջ կը տանի՝ սերտ կապ պահելով միջազգային ընտանիքին հետ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ գործողութիւններու ընթացքին վերաբերեալ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Միջազգային շրջանակներու հետ հաղորդակցութեան հարցին նկատմամբ թրքական կողմը կ՚ընծայէ մեծ կարեւորութիւն։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ։ Երկու նախարարները քննարկեցին «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այսօր ալ կը նախատեսուի հեռախօսազրոյց մը Էրտողանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ։ Նախագահներու հեռախօսազրոյցին ընդառաջ, երէկ Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սենտըրս հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ան կոչ ուղղեց՝ որպէսզի Թուրքիա լարուածութիւնը նուազեցնէ Սուրիոյ մէջ։ Բանբերի խօսքերով՝ նախագահներու այսօրուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ Սուրիոյ ընդհանուր կացութիւնը։ Սպիտակ տան բանբերը նշեց, որ ամերիկեան կողմը պիտի շարունակէ դիւանագիտական ջանքեր գործադրել Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման նպատակով։ Միեւնոյն ժամանակ ան աւելցուց, որ իր երկիրը կը շարունակէ աշխատիլ Թուրքիոյ հետ՝ ըլլալով ՆԱԹՕ-ի դաշնակից։

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018