ՏԱՒՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը շարունակէ Տաւոսի մէջ մասնակցութիւն բերել Համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։ Տարեկան այս համաժողովի շրջանակներէն ներս ան զուգահեռաբար կ՚ունենայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ կարեւոր շփումներ։ Կարէն Կարապետեան Տաւոսի մէջ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Զուիցերիոյ բարձրագոյն ղեկավարութենէն դէմքերու հետ։ Այսպէս, ան տեսակցեցաւ Զուիցերիոյ նախագահ Ալէն Պերսէթի եւ Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Տոմինիք տը Պիւմանի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Կարէն Կարապետեան եւ Ալէն Պերսէթ քննարկեցին Հայաստան-Զուիցերիա գործակցութեան օրակարգի հարցեր։ Անոնք գոհունակութիւն յայտնեցին քաղաքական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին շուրջ եւ կարեւորեցին երկու երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու զարգացումն ու խորացումը։ Զրոյցի տեւողութեան կողմերը անդրադարձան տնտեսութեան զանազան ճիւղերու մէջ գործարար ծրագրերու իրականացման հնարաւորութիւններուն։ Այս ամբողջին մէջ համաձայնութիւն գոյացաւ՝ սերտացնելու համար համագործակցութիւնը զուիցերական շարք մը ընկերութիւններու եւ Հայաստանի համապատասխան կառոյցներուն միջեւ։

Տոմինիք տը Պիւմանի հետ զրուցելու ընթացքին ալ Կարէն Կարապետեան ներկայացուց Հայաստանի տնտեսական իրավիճակը, հարկային, մաքսային, գիւղատնտեսութեան եւ այլ շարք մը ոլորտներէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներն ու ծրագրերը, գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղեալ միջոցառումները։ Կարէն Կարապետեան ընդգծեց, որ անցեալ տարի հիմնական տնտեսական ցուցանիշներու աճ արձանագրուած է եւ վստահութիւն յայտնեց, թէ այդ միտումները շարունակական պիտի ըլլան։ Տոմինիք տը Պիւմանի հետ զրուցելու ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Զուիցերիայէն՝ մօտաւոր ապագային դէպի Հայաստան նախատեսուած պաշտօնական պատուիրակութեան այցելութեան նախապատրաստական հարցերուն։

Բաց աստի, Տաւոսի մէջ Կարէն Կարապետեան հանդիպումներ ունեցաւ միջազգային շարք մը խոշոր ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Յունուար 24, 2018