ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանը։ Ներկայ շաբթուայ սկիզբին պաշտօնի ձեռնարկած մշտական ներկայացուցիչը քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Գումգաբու, ուր ստացաւ ընդհանուր փոխանորդին օրհնութիւնը։

Նորին սրբազնութիւնը ողջունեց Սահակ Սարգսեանի անդրանիկ այցելութիւնը եւ ծանօթութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան եւ թրքահայ համայնքային կեանքին շուրջ։ Զրոյցի տեւողութեան Սահակ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար, ապա տեղի ունեցան զանազան նիւթերու շուրջ կարծիքի փոխանակումներ։

Հանդիպման աւարտին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յաջողութեան եւ կարողութեան մաղթանքներ յղեց Սահակ Սարգսեանին։

Հինգշաբթի, Յունուար 24, 2019