ՍԱՐԸԿԻՒԼ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ ՃՀՓ-ԷՆ ԵՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԻՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ դուրս եկաւ ՃՀՓ-ի շարքերէն։ Ինչպէս ծանօթ է, ան որոշած էր յառաջիկայ 1 մարտի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն վերստին թեկնածու  ըլլալ Շիշլիի քաղաքապետի պաշտօնին համար։ Թէեւ Սարըկիւլ  որոշած էր առաջադրել իր թեկնածութիւնը, սակայն ՃՀՓ չկամութիւն դրսեւորեց յայտարարելու համար, որ Սարըկիւլ թեկնածու կ՚առաջադրուի կուսակցութեան կողմէ։ Այս երկար սպասման եւ որոշման յապաղման պայմաններուն ներքեւ, Մուսթաֆա Սարըկիւլ հրաժարեցաւ ՃՀՓ-էն եւ յայտարարեց իր թեկնածութիւնը Շիշլիի քաղաքապետի պաշտօնին համար։

Սարըկիւլ այս առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը եւ նշեց, որ չէ յոգնած աշխատելով, պայքարելով, սակայն այլեւս յոգնած է սպասելով ու համբերելով։ Հետեւաբար, Մուսթաֆա Սարըկիւլ դառնութիւն եւ հակազդեցութիւն արտայայտեց ՃՀՓ-ի ղեկավարութեան շուրջ։ Ան յայտնեց, որ իրեն դէմ ապերախտութիւն կատարուած է։

Սարըկիւլ ՃՀՓ-ի շարքերէն դուրս գալու զուգահեռ յայտարարեց, որ Շիշլիի քաղաքապետ դառնալու համար կը ներկայանայ անկախ թեկնածու։

Հինգշաբթի, Յունուար 24, 2019