ԱՐՄԱՆ ԹԱԹՈՅԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒԱՆՑ ՊԱՇՏՊԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ մարդու իրաւանց պաշտպան ընտրեց Արման Թաթոյեանը։ Խորհրդարանէ ներս այս առթիւ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն մը։ Արդիւնքին՝ 96 երեսփոխան քուէարկեց Արման Թաթոյեանին ի նպաստ, իսկ 7 երեսփոխան ալ՝ դէմ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի աշխատակցի հարցման պատասխանելով՝ Արման Թաթոյեան յայտնեց, թէ կը պատրաստուի անդրադառնալ այն գործերուն, որոնք ստացած են քաղաքական հնչողութիւն։
Հարկ է նշել, որ Արման Թաթոյեան կը հանդիսանայ Հայաստանի չորրորդ մարդու իրաւանց պաշտպանը։ Այդ պաշտօնը առաջին անգամ ստանձնած էր Լարիսա Ալավերտեան, որուն յաջորդած էին Արմէն Յարութիւնեան եւ Կարէն Անդրէասեան։
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի ազգային ժողովը մարդու իրաւանց պատշպանը կ՚ընտրէ վեց տարուան ժամկէտով։