«ԽՆԴԻՐԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՆԼՈՅԾ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան յայտարարեց, որ Երեւան յանձնառու է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերսկսման, սակայն Պաքուի կողմէ խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր միջավայրի մը ձեւաւորման ուղղութեամբ նախադրեալներ տակաւին նկատելի չեն։

Երէկ, նախարար Արա Այվազեան Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մասնակցեցաւ Եւրոասիական ու տարածքաշրջանային համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին։ Այս առթիւ ան նշեց, որ Արցախի պատերազմէն վերջ Հարաւային Կովկասէ ներս տեղի կ՚ունենայ թէ՛ տարածքաշրջանային եւ թէ խոշոր դերակատարներու, ուժերու, ազդեցութիւններու վերադասաւորում։

«Այս գործընթացը տակաւին ամբողջովին չէ բիւրեղացած։ Տակաւին վաղ է ամբողջական գնահատական մը տալու համար հաստատուած իրողութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն։ Հրադադարի պահպանման, անվտանգային հարցերու մէջ առանցքային դերակատարութիւն ստանձնած է Ռուսաստան, սակայն ակնյայտօրէն աւելցած են Թուրքիոյ յաւակնութիւնները տարածքաշրջանէն ներս։ Մենք յանձնառու ենք կարգաւորման գործընթացի վերսկսման, սակայն նախ եւ առաջ պէտք է ձեւաւորուի խաղաղութեան տեսակէտէ նպաստաւոր միջավայր մը։ Ատրպէյճանի կողմէ տակաւին նկատելի չեն այս ուղղութեամբ նախադրեալներ։ Տարածքաշրջանէ ներս կ՚ակնկալենք տեսնել ուժեղ համանախագահութիւն, որ առաջին հերթին պիտի կարողանայ ապահովել իր լիազօրութեան բովանդակութիւնը՝ մասնաւորապէս, խաղաղ գործընթացի յառաջ մղուիլը», ըսաւ Արա Այվազեան։

Խորհրդարանէ ներս կազմակերպուած հաւաքոյթին ժամանակ նախարարը շեշտեց, որ Արցախի տարածքներու մէկ մասին զաւթումը չի կրնար համարուիլ հակամարտութեան կարգաւորում։ Արցախի դէմ ուժի գործադրութեան հետեւանքներն ալ չեն կրնար համարուիլ հակամարտութեան կարգաւորում։ «Տարածքաշրջանէ ներս հայ ժողովուրդի համապարփակ անվտանգութեան ապահովումը եղած է ու կը մնայ մեր արտաքին քաղաքականութեան առանցքային ուղղութիւնը։ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չէ լուծուած եւ ան կը մնայ տարածքաշրջանային առանցքային մարտահրաւէրներէն մին։ Միայն քաղաքական բանակցուած կարգաւորումը, որ պիտի յարգէ բոլորի իրաւունքները եւ պիտի որոշէ Արցախի վերջնական կարգավիճակը, կարող է համարուիլ հակամարտութեան վերջակէտը», նշեց Այվազեան եւ աւելցուց, որ Երեւանի դիրքորոշումը անփոփոխ կը մնայ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնը կարգաւորման՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափը ընկալելու առումով։ Հայկական կողմը պիտի շարունակէ սատար հանդիսանալ այս ձեւաչափին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021