ՌՈՒՍԱԿԱՆ «ԻՍՔԱՆՏԱՐ» ՀՐԹԻՌՆԵՐԸ ՉԵՆ ԲԱՆԱԾ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԺԱՄԱՆԱԿ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան կը փորձէ գերիներու խնդիրը դարձնել նաեւ սակարկութեան առարկայ։ Ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեամբ ձեւակերպուած պարտաւորութիւնները կը բաժնեն այդ փաստաթուղթին տակ ստորագրութիւն դրած բոլոր երեք կողմերը։ «Եւ մենք աշխոյժ կ՚աշխատինք, որպէսզի հնարաւորինս արագ լուծում տանք այդ հարցին», ըսաւ Փաշինեան՝ յետպատերազմեան առկայ իրավիճակին մէջ, երբ Պաքու սիստեմաթիք ձեւով կը դանդաղեցնէ ռազմագերիներու վերադարձի գործընթացը, իսկ Երեւանի քայլերը անբաւարար կը մնան այդ բոլորը կասեցնելու ուղղութեամբ։ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան հեռատեսիլով սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ ամէն ինչ պէտք է ընել, որպէսզի գործընթացները փակուղիի չմատնուին։ Ըստ իրեն, այս ուղղութեամբ կան իսկական հնարաւորութիւններ։ Որպէս հիմնաւորում՝ վարչապետը անդրադարձած է Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ յառաջ տարուած շփումներուն։

Ի դէպ, նոյն հարցազրոյցին ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է նաեւ Արցախի լայնածաւալ պատերազմի օրերուն իր կողմէ կատարուած կառավարման առընչութեամբ բարձրացուած զանազան քննադատութիւններուն։ Ան պնդած է, որ պատերազմի օրերուն հայկական զօրքերը փորձած են օգտագործել ռուսական «Իսքանտար» հրթիռները, սակայն անոնք չեն բանած։ Հարկ է նշել, որ Նիկոլ Փաշինեան առաջին անգամ չէ, որ յայտարարութիւններ կ՚ընէ Հայաստանի բանակի ռուսական զինատեսակներու չբանելուն մասին։

Հայաստանեան ընդդիմադիր աղբիւրներու հաղորդումներով, ռուսական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ անդրադարձած են Փաշինեանի յայտարարութիւններուն՝ «Իսքանտար» հրթիռներու անարդիւնաւէտութեան մասին։ Նոյն լրատուամիջոցները նշած են, որ վարչապետը որեւէ ձեւով չէ բացատրած, չէ հիմնաւորած իր խօսքերը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021