ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՊԱՏԳԱՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա համարժէք պատասխան պիտի տայ Հայաստանի իւրաքանչիւր դրական քայլին՝ Ատրպէյճանի հետ համակարգումով։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած իրավիճակի պայմաններով սա Անգարայի վերանորոգ պատգամն է՝ ուղղուած Երեւանին, որպէսզի տարածքաշրջանէ ներս ձեւաւորուած նոր կլիմային զուգահեռ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններն ալ նոր որակ մը ստանան։ Հայկական կողմը առայժմ թրքական կողմի այս պատգամներուն չ՚արձագանգեր՝ քաղաքական յստակ կամքի մը վերագրուելիք ձեւով։ Յամենայնդէպս, Երեւանի այժմու իշխանութիւնները այնքան մաշած են եւ այնպիսի անելի մը մատնուած են, որ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման նման ճակատագրական հարցի մը մէջ դժուար թէ կարողանան ամուր կեցուածք դրսեւորել։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Թիւրքմենիստանի Արտաքին գործոց նախարար Ռաշիտ Մերետովն ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։ Եռակողմանի հանդիպման առընթեր Չավուշօղլու հիւր պաշտօնակիցներուն հետ ունեցաւ նաեւ առանձնազրոյցներ։ Երեք նախարարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին Չավուշօղլուին հարցում մը ուղղուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն վերջ ստեղծուած նոր վիճակին շուրջ։ Նախարարը այս առթիւ յայտնեց, որ նոր հնարաւորութիւն մը ստեղծուած է տարածքաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան ու վերակառուցման համար։

«Մեր կոչերը միշտ այս ուղղութիւնը ունեցած են։ Եթէ Հայաստանն ալ ընթանայ այս ուղղութեամբ, ապա տարածքաշրջանի կայունութենէն ու տնտեսական զարգացումէն առաւել չափով կ՚օգտուին ինքն ու իր ժողովուրդը։ Մենք կ՚ակնկալենք, որ Հայաստան վարուի այս բանը մտածելով։ Անոր կողմէ առնուելիք դրական քայլերուն մենք ալ դրականօրէն պիտի պատասխանենք՝ Ատրպէյճանի հետ համակարգումով։ Շուրջ երեսուն տարի բռնագրաւման տակ մնացած Ատրպէյճանի տարածքներէն ներս ամէն ինչ քար ու քանդ է։ Այդ տեղերը լքելու ժամանակ ալ հրկիզեցին։ Իբրեւ թրքական աշխարհ, Թրքական խորհուրդ՝ թէ՛ երկկողմանի եւ թէ եռակողմանի հարթութեան վրայ Ատրպէյճանի կողքին դիրք կը գրաւենք եւ այս տարածքաշրջանի վերակառուցման, զարգացման, խաղաղութեան ու անդորրութեան համար հնարաւոր աջակցութիւնը պիտի ցուցաբերենք։ Տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումէն վերջ աւելի դիւրութեամբ կեանքի պիտի կոչուին ուժանիւթի եւ հաղորդակցութեան նման ծրագրերը եւ բոլորը պիտի շահին այս բանին շնորհիւ», ըսաւ Չավուշօղլու։

Բաց աստի, ասուլիսի ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլու նշեց, որ Թուրքիա կը փորձէ համոզել Վրաստանը, որպէսզի միանայ Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» հարթակին։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021