ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՕՓԵՐԱՆ 2019-ԻՆ ԿԸ ՆՇԷ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԸ

Վիեննայի պետական օփերան ներկայացուցած է 2018-2019 թուականներու նոր տարեշրջանի ծրագիրը: Ան 2019 թուականի Մայիսի 25-ին կը նշէ իր հիմնադրութեան 150-ամեակը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Վիեննայի մշակութային կեդրոնի տնօրէնութենէն յայտարարած են, որ հանդիսատեսները ամէն տարի կը դիտեն 50 օփերա, 16 պալէ, 5 մանկական բեմադրութիւն եւ համերգային այլ միջոցառումներ:

Նոր եղանակին Վիեննայի օփերան իր նախաձեռնութիւններու շարքէն ծրագրաւորած է վեց օփերային նախախաղ եւ պալէի երեք նոր բեմադրութիւն: Բացի այդ, նախատեսուած է յօրինող Էլիզապէթ Նասքէի «Ի՞նչ պատահած է Էնակոյի մէջ» մանկական օփերային եւս մէկ նախախաղ, որ կը ցուցադրուի ոչ թէ Վիեննայի կեդրոնի օփերայի գլխաւոր շէնքին մէջ, այլ «Ակրանա» ուսումնական աշխատանոցէն ներս: Նոր եղանակի առաջին փրէօմիէրը՝ Հոկտեմբերի 14-ին, կը դառնայ ֆրանսացի յօրինող Հեքթոր Պեռլիոզի «Թրոյացիները» օփերան: Նաեւ 2018 թուականի Դեկտեմբերի 8-ին ծրագրին մէջ կը յայտնուի աւստրիացի յօրինող Եոհաննէս Մարիա Շտաութի եւ գերմանացի բանաստեղծ Տուրս Կրիունպայնի «Արօտավայր» օփերան: Իտալացի յօրինող Կաիթանօ Տոնիցեթթիի «Լուչիա տի Լամերմուր» ներկայացումը կը կայանայ 2019 թուականի Փետրուարի 9-ին, իսկ Մարտի 31-ին՝ գերմանացի յօրինող Մանֆրէտ Թրոյանի «Օրեստ»ը, Մայիսի 25-ին՝ Շթրաուսի «Առանց ստուերի կինը»: Վերջապէս, Յունիսի 20-ին բեմ կը բարձրանայ Ճիւզեփփէ Վերտիի «Օթելլօ» օփերան:

2018 թուականի Նոյեմբերին ծրագրած են ներկայացնել պալէի երեք բեմադրութիւնը: Մանիւէլ Լեկրայի «Սիլվիա» պալէի ցուցադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ Նոյեմբերի 10-ին, 2019 թուականի Ապրիլի 14-ին կը կայանայ չորս գործողութեամբ երեկոյ, որու շրջանակներուն մէջ կը ցուցադրեն ամերիկացի պարուսոյց Ուիլիըմ Ֆորսայտի, հոլանտացի Հանս վան Մանէնի, չեխ Իրժի Քիլիանի գործերը: Վիեննայի օփերայի պալէի տարեշրջանը Յունիսի 28-ին կ՚եզրափակուի աւանդական կալա-երեկոյով՝ նուիրուած պալէի առասպելական պարող եւ պալէտմայսթըր Ռուտոլֆ Նուրէյեւի (1938-1993 թ.) յիշատակին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018