103 ՏԱՐԻ ԱՆՑ… ԽՈԿՈՒՄ

1915 թուականէն 103 տարի անց, այսօր դարձեալ խոկումի օր է հայ ժողովուրդին համար։ Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակները ամբողջ աշխարհի մէջ կ՚ոգեկոչուին բիւր յարգանքով՝ մինչ համայն հայութիւնը հերթական անգամ կը խոնարհի անոնց նուիրագործուած յիշատակին առջեւ։

Աշխարհի հայաբնակ բազմաթիւ երկիրներուն ու քաղաքներուն մէջ կ՚ոգեկոչուին Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ նահատակները։ Բնականաբար, բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Երեւանի վրայ։ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին դարձեալ գոյացած է ծաղիկներու կոյտ մը։ Այս առաւօտ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի պետական աւագանին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Ներկայ էր նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ կրօնական արարողութիւն։

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, Իսթանպուլի մէջ ալ տեղի կ՚ունենան ոգեկոչումներ Ապրիլի 24-ի առթիւ։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ այս առաւօտ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Պատարագիչն էր Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Ս. Պատարագի ընթացքին ընթերցուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ ուղարկուած պատգամը, որու թրքերէն բնագիրը ներկայացուած է մեր յարակից սիւնակին մէջ։ Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, կողակիցը՝ Մերի Աւագեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան։

Բաց աստի, զանազան հասարակական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ Իսթանպուլի կարգ մը խորհրդանշական կէտերու վրայ տեղի կ՚ունենան ոգեկոչման արարողութիւններ, որոնց հիմնականն է ժամը 19.15-ին՝ աւանդական դարձած սգահանդէսը, որ տեղի կ՚ունենայ Թիւնէլի հրապարակին վրայ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2018