ԱՊՐԻԼ 25-ԻՆ ՀԱՄԱՐ. ՈՐՊԷՍԶԻ ԽՕՍՔԴ ԼՍՈՒԻ

Ինչքան մեծ բեռ է գրել 24 ապրիլի մասին։ Մեծ բեռ է գրել այն քաղաքին համար, որ արեւմտահայոց չքնաղ ոստանն էր մեծ փոթորիկէն առաջ։

Բեռ է ու դժուար, ոչ անոր համար, որ գրած ատենդ պիտի զեղչես ատելավառ բոլոր ձայներն ու խօսքերը, այլ անոր համար, որ ուսերուդ կայ մեծ բեռ մը, որ պէտք է տեղ հասնի ու խօսքդ, հեռացած որդիի խօսքին պէս լսուի...

Իրօք ինչ ճակատագիր է, որ մեզ դրած է այսօրուան սահմանումներուն մէջ։

Ինչն է, որ մեզ դրած է այսօրուան վիճակներուն, սահմաններուն, ոխի զգացումներուն, սահմանումներուն, կարծրատիպերուն, նետահարումներուն ու  ամբողջ պատումներէն ետք մեր ու անոնց միջեւ ստեղծուած պատնէշներուն առջեւ։

«Աթաթիւրք» օդակայանէն առաջին անգամ իջած պահուս, ես առաջին հանդիպած թուրքին ըսի. «Լսէ՛, ես «վաթանտաշ»դ եմ, թրքերէնս կուռ չէ, բայց պիտի հասկնանք զիրար»։

Զարմացաւ, քիթին տակէն բաներ մը մրթմրթաց, «Ալլահա շիւքիւր», ըսաւ ու զիս տարաւ Բերա...։

Ճամբան խօսեցանք քաղաքական իրավիճակին մասին ու քանի մը նախադասութիւններ դժուարութեամբ շարելով բացատրեցի, թէ ինչպէս կը պատահի, որ Պէյրութ ծնած-մեծցած տղան իր «վաթանտաշ»ն է։

Կարմիր անցագիր չունի՞ս, ըսաւ։ Ոչ ըսի, մերինը կապոյտ է ու զգացի, որ շարժավարը արդէն համոզուած է, թէ ես իր հեռացած «վաթանտաշ»ն եմ, որ այսօր յանկարծ վերադարձած է եւ կ՚ուզէ այդ գեղեցիկ «իւլքէ»ն տեսնել...

Սա միակ պատմութիւնը չէր Պոլսոյ մէջ իմ ապրած պատմութիւններէս, որոնք ամէն առիթի աւելի խորը կը նետէին խարիսխը՝ իմ ու այդ քաղաքին միջեւ ու աւելիով կը կապէին զիս այդ չքնաղ քաղաքին...։

Շատեր հարց կու տային (մանաւանդ անոնք, որոնք երբեք Թուրքիա ոտք չեն կոխած)՝ ինչո՞ւ կը սիրես այդ քաղաքը, ինչո՞ւ սիրեցիր այդ քաղաքը…

Ես ալ ըսի. սիրեցի, որովհետեւ բեռս ծանր էր, բեռ է ու դժուար, ոչ անոր համար, որ գրած ատենդ պիտի զեղչես ատելավառ բոլոր ահերն ու խօսքերը, այլ անոր համար, որ ուսերուդ կայ մեծ բեռ մը, որ պէտք է տեղ հասնի, ու խօսքդ, հեռացած որդիի խօսքին պէս լսուի...

Ու այդ բեռը աւելի կը մեծնար, աւելի կը ծանրանար, ամէն անգամ, որ կոկորդս կը խեղդուէր, երբ Պոլսոյ մեծ օդակայանէն ընթացք կ՚առնէր թռիչքս դէպի Երեւան։

Չեմ ուզեր մեծ զեղումներու գերին ըլլալ, ոչ ալ կ՚ուզեմ որեւէ մէկուն դաս տալ, թէ ինչ կարմիր գոյներով եւ գիծերով պէտք է գծել ու պատկերացնել հայ-թրքական պատմութեան ամբողջ անցեալը, սակայն վստահ եմ, որ իմ նման մարդիկ  այդ մեծ բեռը տեղ մը հասցնելու, տեղ մը փոխադրելու ու սլաք մը նետելու պարտականութեան վրայ են։

Չեմ ալ գիտեր, որ խօսքերս ինչ հնչեղութիւն պիտի ունենան, պիտի հասկնան զիս թերեւս միայն քիչերը, պիտի քննադատեն զիս, թերեւս միայն շատերը, սակայն յայտնի է ու պարզորոշ է, որ դէպի Պոլիս նայող իմ պատուհանս մաքուր պիտի մնայ...

Ոչ անոր համար միայն, որ անպայման բոլոր ըսածներս պէտք է բառացի կերպով ընկալուին, այլ անոր համար, որ վաղուան օրը աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու մեր երազները անպայման տեղ մը պիտի հանդիպին ու պիտի բարեւեն իրարու։

Ո՞վ կը զիջի այդ ճանապարհին եւ որքա՞ն կը զիջի, ո՞վ կը ներէ, ո՞վ նոյնիսկ ներողութիւն կը խնդրէ եղած մեծ դէպքերուն համար, արդէն երկրորդական է, կարեւորը տեղ մը կենալն է, սանկ հանգիստ շունչ մը քաշելով իրարու աչքերուն մէջ նայիլն է, բարեւելն է, հաց կիսելն է ու յիշելն է, որ ես ու ան՝ դիմացինս եկած ենք նոր էջ մը բանալու։

Ցաւին մէջէն, բոլոր ամեհի դէպքերուն ու բոլոր նահատակ-սուրբերուն համար, իմ ժողովուրդիս անունով եւ բոլոր անոնց համար, որոնք կը հաւատան, թէ իրենց ուսերուն մարդկութեան խիղճն ու բեռը ունին...

Բեռ է գրելը այս բոլորին մասին, ոչ անոր համար, որ գրած ատենդ պիտի զեղչես ատելավառ բոլոր ահերն ու խօսքերը, այլ անոր համար, որ ուսերուդ կայ մեծ բեռ մը, որ պէտք է տեղ հասնի, ու խօսքդ հեռացած որդիի խօսքին պէս լսուի...

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2019