ԽՆԿԱՐԿՈՒՄ ԵՒ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ապրիլի 24-ն է այսօր. դարձեալ… Հայ ժողովուրդի համար պատմութեան ժամացոյցը կանգ կ՚առնէ ակնթարթով մը։ Երկրագունդի երիցագոյն ժողովուրդներէն մին այսօր կը պահէ իր բազմադարեայ պատմութեան մեծագոյն սուգը։ Ապրիլի 24-ն է այսօր. դարձեալ… 1915-էն 104 տարի անց հայերը կը խնկարկեն իրենց նահատակներու յիշատակը՝ յարութիւն առած ըլլալու ինքնավստահութեամբ եւ հպարտութեամբ։

Աշխարհի չորս ծագերուն համայն հայութիւնը այսօր կը վերյիշէ Մեծ եղեռնը։ Հայ ժողովուրդը համախմբուած է ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին օրը եւ իր սրբադասեալ նահատակներուն բարեխօսութիւնը կը խնդրէ՝ երկիւղած աղօթքով, խոկումով, բիւր յարգանքով։ Հայութիւնը կը զգայ նաեւ յառաջատար մարդկութեան զօրակցութիւնը՝ իր անցեալի ամենաողբերգական, ամենատխուր էջի վերյիշման փուլին՝ տոգորուած ապագայի նկատմամբ յոյսով եւ խաղաղութեան անփոփոխ մաղթանքով։

Թէեւ աշխարհի ամէն կողմը տեղի կ՚ունենան ոգեկոչման արարողութիւններ, սակայն առաջին հերթին բոլորի ուշադրութիւնը կեդրոնացած է քաղաքամայր Երեւանի վրայ, ուր Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը միլիոնաւորներու ժամադրավայրն է այսօր։ Հայաստանի պետական աւագանին այս առաւօտ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին իր խոնարհումը բերաւ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին առջեւ՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ մասնակցութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ հայոց սրբադասեալ նահատակներուն համար կատարուեցաւ բարեխօսութեան կարգ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ հրապարակուած պատգամին մէջ նշուած է, որ հայ ժողովուրդը՝ յառաջադէմ մարդկութեան հետ կ՚ոգեկոչէ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։ «Ապրիլի 24-ը մեզի համար խնկարկումի, բայց նաեւ յարութեան օր է», նշած է Արմէն Սարգսեան եւ ընդգծած՝ որ այդ մէկը զգօնութեան դաս մը պէտք է ըլլայ բոլորին համար։ «Այսօր գլուխ խոնարհելով սուրբ նահատակներու յիշատակին առջեւ՝ միեւնոյն ժամանակ մենք կը վկայենք վերապրելու եւ մեր հայրենիքը վերակերտելու աննկուն կամքը», ընդգծած է Արմէն Սարգսեան, որու համոզմամբ, վերապրողներու ժառանգներուն պարտքն է հաւատարիմ մնալ ինքնութեան ու արժէքներուն։

Միւս կողմէ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ալ ապրիլի 24-ի առթիւ այս առաւօտ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ նախագահութեամբ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։ Պատարագիչն էր Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ներկայ էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ մեր հոգեւորականաց դասու անդամները։

Բաց աստի, այսօր երեկոյեան ժամերուն տեղի կ՚ունենայ վերջին տարիներուն աւանդական դարձած Իսթանպուլի ոգեկոչման արարողութիւնը, որ այս տարի նախատեսուած է Շիշհանէի հրապարակին վրայ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2019