ՀԱՅԵՐԷՆ ՏԱՊԱՆԱՔԱՐԵՐ

Նազիլլիի մէջ վերջին օրերուն յայտնաբերուեցան 17-րդ դարէ մնացած հայկական գերեզմաններ։ Այտըն քաղաքի առցանց կամ տպագիր տեղական լրատուամիջոցները արձագանգ հանդիսացան այս իրադարձութեան մանրամասնութիւններուն։ Այսպէս, Նազիլլիի մէջ հանրային ճեմապարտէզի մը կառուցման ժամանակ յայտնաբերուած են այդ պատմական գերեզմանները։ Հարկ է նշել, որ հանրային ճեմապարտէզը կը կառուցուի նախկին Ոստիկանական վարժարանի տարածքին վրայ։ Ճեմապարտէզի հիմքերը փորելու ժամանակ նկատուած են հայերէն փորագրութիւններով տապանաքարեր։

Արդէն լուր տրուած է պատկան մարմիններուն եւ ուսումնասիրութիւններու համար փութացած են Այտընի թանգարանի տնօրէնութեան եւ Նազիլլիի քաղաքապետարանի պաշտօնատարները։ Հայերէն փորագրութիւններով տապանաքարերը փոխադրուած են «Սիւմէր» զբօսայգին, որ կը գտնուի նոյն շրջանին մէջ։ Այդ հնութիւններու ենթարկուած ուսումնասիրութիւնները վերահսկած են՝ Այտընի թանգարանի տնօրէն Ապտուլպահրի Եըլտըզ եւ փոխ-տնօրէն Էրքան Տետէ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2020