ՔԱՂՑԿԵՂՈՎ ՏԱՌԱՊՈՂ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ԲՈՒԺՄԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կնոջ՝ Աննա Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հրատապ աշխատանքային հանդիպում՝ մանկական ուռուցքաբանութեան եւ արիւնաբանութեան ոլորտի բարեգործական հիմնադրամներու եւ մասնագէտներու մասնակցութեամբ:

Աննա Յակոբեանի գրասենեակէն յայտնեցին, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան մանկական քաղցկեղի եւ արեան հիւանդութիւններու հետ կապուած հարցերը եւ անոնց լուծման կարճաժամկէտ ու երկարաժամկէտ ուղիները:

Մասնակիցները պատրաստակամութիւն յայտնեցին համախմբելու իրենց ուժերը՝ քաղցկեղով հիւանդ փոքրիկներու համապատասխան բուժման կազմակերպումը շարունակելու նպատակով:

Հայաստանի հիւանդանոցներուն մէջ բուժուող քաղցկեղով հիւանդ մանուկները այսուհետեւ կը ստանան անհրաժեշտ բուժումը, եւ բուժող բժիշկներն ու օգնութեան կարիք ունեցող քաղցկեղով հիւանդ մանուկները կրնան դիմել հիմնադրամներուն՝ անհրաժեշտ օգնութեան կազմակերպման համար: Այս նպատակով, խորհրդակցութեան իբրեւ արդիւնք, ստեղծուեցաւ աշխատանքային խումբ մը, զոր կը ղեկավարէ Աննա Յակոբեան: Աշխատանքային խումբի կազմին մէջ են՝ մանկական ուռուցքաբան, արիւնաբան Սամուէլ Դանիէլեան, «Օգնեմ» հիմնադրամի նախագահ Էտկար Գեանջումեան, «Առողջութեան կամուրջ» հիմնադրամի նախագահ Անահիտ Բարսեղեան, «Ֆոնտ100» հիմնադրամի նախագահ Տիգրան Բալոյեան եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Լուսինէ Պատալեան, «Մենք ենք» հիմնադրամի նախագահ Սոնա Ազարեան, «Սիթի օֆ սմայլ» հիմնադրամի տնօրէն Լիլիթ Սարգսեան եւ մանկական ուռուցքաբան, արիւնաբան Գէորգ Թամամեան:

Հինգշաբթի, Մայիս 24, 2018