«ԿԱՆԽԱՀԱՍ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՆԱՅ ՏԵՂԻ ՉՈՒՆԵՆԱԼ»

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհրդարանական ընդդիմութենէն «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը։ Սա այս կուսակցութեան երրորդ համագումարն էր, որ տեղի ունեցաւ 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ։ 

Համագումարի ընթացքին կուսակցապետ Էտմոն Մարուքեան հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ երկրի օրակարգի հրատապ խնդիրներուն՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու Հայաստանի տարածքէն ներս ներխուժման վրայ։ Ան համոզուած է, որ առանց կրակելու, դիւանագիտութեամբ պէտք է Ատրպէյճանի զինուորականները դուրս հանել Հայաստանի սահմաններէն։ 

Էտմոն Մարուքեան համագումարի ընթացքին բացատրեց, որ սա լաւ օրուայ հաւաք մը չէր։ Յամենայնդէպս, նկատի ունենալով սահմանային իրադարձութիւնները՝ ան չի բացառեր, որ 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ ընտրութիւնը ընդհանրապէս տեղի չունենայ։ Հայաստանեան լրատուամիջոցները մասնաւորապէս ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են Էտմոն Մարուքեանի այս արտայայտութիւնները՝ մինչ երկար ժամանակէ ի վեր քաղաքական շրջանակներ այս վարկածը հաւանական կը նկատէին։ Էտմոն Մարուքեանի գլխաւորած «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը խորհրդարանէն ներս համագործակցած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւններուն հետ՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան իրականացման ճանապարհին։ 

«Կա՛յ այլընտրանք, քուէարկէ՛» կարգախօսով կազմակերպուեցաւ «Լուսաւոր Հայաստան»ի երրորդ համագումարը։ Կուսակցապետ Էտմոն Մարուքեանի ելոյթին առընթեր, կուսակցութեան յառաջատար գործիչները հրապարակեցին «Լուսաւոր Հայաստան»ի նախընտրական ծրագրի զանազան առաջնահերթութիւնները։ Այսպէս, նախատեսուած է ընդլայնել Ռուսաստանի հետ անվտանգութեան համաձայնագիրը եւ աշխուժացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին կապակցութեամբ։ 

Միեւնոյն ժամանակ, «Լուսաւոր Հայաստան» կը նախատեսէ յառաջիկայ շրջանին փոփոխութեան ենթարկել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը։ Խորհրդարանական ընդդիմութենէն այս կուսակցութիւնը կը ծրագրէ ընդլայնել հանրապետութեան նախագահի եւ խորհրդարանի լիազօրութիւնները, ինչպէս նաեւ վերականգնել գիւղատնտեսութեան, մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարութիւնները՝ անշուշտ աւելի արդիւնաւէտ ձեւով։

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021