ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ԾԵԾԿՌՏՈՒՔ

Վրաստանի մայրաքաղաքը՝ Թիֆլիզի մէջ շաբաթավերջին զանգուածային ծեծկռտուք մը տեղի ունեցաւ ատրպէյճանցիներու եւ քիւրտերու միջեւ։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս մասին մանրամասնութիւններ տեղեկացուց՝ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն հիման վրայ։ Այսպէս, դէպքին զոհ գացած է 32-ամեայ ատրպէյճանցի մը։ Կան նաեւ վիրաւորներ։ Այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած։ 

Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Վրաստանի Տըմանիսի քաղաքին մէջ նոյնպէս զանգուածային ծեծկռտուք մը տեղի ունեցած էր ատրպէյճանցիներու մասնակցութեամբ՝ այս անգամ տեղաբնակ վրացիներու հետ։ Այդ ծեծկռտուքն ալ վերածուած էր անկարգութիւններու։

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021