ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԺՈՂՈՎ ՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ խախտումով ծնունդ առած տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները այս կապակցութեամբ կը շարունակեն պարբերական յայտարարութիւններով հանդէս գալ եւ վերջին մանրամասնութիւնները տեղեկացնել իրադրութեան կապակցութեամբ։ Երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ կէսօրուան ժամերու դրութեամբ Ատրպէյճանի իրականացուցած սադրանքներէն յետոյ ստեղծուած իրադրութիւնը համեմատաբար կայուն է, դէպքեր չեն պատահած։ Ըստ նախարարութեան, 22 մայիսի երեկոյեան Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու Հայաստանի տարածք ներթափանցած անձնակազմի մէկ մասը վերադարձած է ելման դիրքեր։ Հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները լիարժէք կը վերահսկեն իրադրութիւնը՝ շարունակելով արգելափակուած պահել Ատրպէյճանի զինուորականները։ Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, միեւնոյն ժամանակ, հերքուած են մամուլի մէջ շրջանառուող զանազան լուրեր, ըստ որոնց Ատրպէյճանի զինուորականները Հայաստանի սահմաններէն ներս կուտակումներ կատարած են կամ արձանագրած են յառաջխաղացում։ Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ այդ բոլոր լուրերը իրականութեան չեն համապատասխաներ։ 

Հարկ է նշել, որ «Հայաստան» ընդդիմադիր դաշինքի յառաջատար դէմքերէն Վահէ Յակոբեան շաբաթավերջին պնդած էր, թէ Սիւնիքի մարզի Սեւ լիճի մօտ հազարէ աւելի Ատրպէյճանի զինուորականներ կան եւ Ձորի հատուածին մէջ ալ անոնց թիւը աւելի բարձր է։ Այս զգայացունց տեղեկութիւնը Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ հերքուեցաւ։ 

Մինչ այդ, շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած նիստի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ստեղծուած իրավիճակը, այդ մէկը հանգուցալուծելու ուղղեալ գործողութիւններու ընթացքն ու ապագայ քայլերը։ 

Ինչպէս ծանօթ է, սահմանային խնդիրները յետպատերազմեան շրջանին միշտ օրակարգի վրայ գտնուեցան, սակայն 12 մայիսին Ատրպէյճանի բանակը ուղղակիօրէն խախտեց Հայաստանի սահմանները քանի մը կէտէ՝ մասնաւորապէս Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու հատուածներէն։ Զուգահեռաբար՝ տագնապը նոր հարթութեան մը վրայ եկաւ, երբ Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց ընդդիմութեան կողմէ հրապարակուած լուրերը, ըստ որոնց Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ կը պատրաստուի նոր յայտարարութիւն մը, որ պիտի վերաբերի սահմաններու ճշգրտման խնդիրներուն։ Այժմ համապատասխան իրադարձութիւններուն կը սպասուի մտահոգութեամբ, մինչ վերջին օրերուն Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած շարք մը օտարերկրեայ ռազմական կցորդներ այցելեցին սահման՝ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն իրաւասուներու ուղեկցութեամբ։ 

Այս ճակատագրական իրադարձութիւնները կը յուզեն համայն հայութիւնը, միւս կողմէ, նաեւ անխուսափելիօրէն ներքին քաղաքական օրակարգի նիւթ դարձած են՝ մասնաւորապէս մօտալուտ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութեան ընդառաջ։ Ընդդիմադիր շրջանակներու յառաջատարներէն Արթուր Վանեցեան, որ «Պատիւ ունիմ» դաշինքի ցուցակը պիտի գլխաւորէ արտահերթ ընտրութեան ժամանակ, շաբաթավերջին կազմակերպուած քննարկումի մը ժամանակ անդրադարձաւ այժմու սահմանային իրադարձութիւններուն։ Խօսելով նաեւ նախատեսուած նոր յայտարարութեան կապակցութեամբ՝ Արթուր Վանեցեան ըսաւ. «Մեր պետութիւնը թշնամիին կը յանձնէ վաղը սեփական ճակատագիրը տնօրինելու հնարաւորութիւնը»։ Ըստ իրեն, վերջին օրերու իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ պատերազմի աւարտէն ամիսներ անձ, նոյնիսկ այս պարագային, երբ անձնտուութեան միանձնեայ որոշումով Ատրպէյճանին յանձնուած են Արցախի բազմաթիւ գիւղեր եւ քաղաքներ, Հայաստան կը շարունակէ տարածքային կորուստներ կրել։ «Մենք բոլորս կը հասկնանք, որ վաղը Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի մէջ այլեւս պիտի չըլլայ եւ պիտի չըլլայ երկրի ղեկին եւ երկրի առջեւ ծառացած այս մահացու մարտահրաւէրներու բեռը պիտի մնայ ժողովուրդի եւ բոլորիս ուսերուն։ Մեր պետութիւնը թշնամիին կը յանձնէ վաղը սեփական ճակատագիրը տնօրինելու հնարաւորութիւնը», ըսաւ Արթուր Վանեցեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 24, 2021