ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔ

Մոսկուայի մէջ վաղը նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հերթական հանդիպումը՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ ու տանտիրութեամբ։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յոյս յայտնեց, թէ եռակողմանի այս գագաթաժողովը կ՚ըլլայ արդիւնաւէտ։ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը վերջին շրջանին խտացած են՝ իրերայաջորդ բանակցութիւններով։ Թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ թափ հաւաքած են Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստութիւնները։

Վաղուան եռակողմանի գագաթաժողովին ընդառաջ, հայ իրականութենէն ներս համատարած մտահոգութեան եւ անհանգստութեան ալիք մը խնդրոյ առարկայ է։ Համազգային բողոքի մը մթնոլորտը ստեղծուած է՝ քանի Մոսկուայի վաղուան ժամադրութենէն անմիջապէս առաջ, Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի վերջին մամլոյ ասուլիսին ըրաւ զգայացունց եւ գայթակղեցուցիչ յայտարարութիւններ։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի Արցախը Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս ճանչնալը։ Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի ղեկավարութեան որդեգրած այժմու քաղաքականութիւնը հետզհետէ կը զրկուի հանրային յենարաններէ։ Վարչապետի յայտարարութիւններէն վերջ իշխանական ճամբարի երեսփոխաններուն կողմէ եղան կարգ մը արտայայտութիւններ, որոնց նպատակը պոռթկումը մեղմելն էր, սակայն, այդ ջանքերը առայժմ կը մնան անբաւարար։ Այս ամբողջին մէջ ուշագրաւ էր երեսփոխան Արթուր Յովհաննիսեանի խօսքը, ըստ որու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի կամ անկախութեան համար պայքարի դուռը չի փակուիր։ Յամենայնդէպս, այս եւ նման յայտարարութիւնները առայժմ հեռու կը մնան հանրային կարծիքին տեսակէտէ համոզիչ ըլլալէ՝ մինչ իրադարձութիւնները, անշուշտ, ամբողջութեամբ զերծ չեն նաեւ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պայքարէն։

Համազգային առկայ բողոքի պայմաններուն ներքեւ ջուրի երես ելած է նաեւ Երեւան-Ստեփանակերտ հակադրութիւնը։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ հանդէս եկաւ ծաւալուն յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ անկարելի է Արցախը ճանչնալ որպէս Ատրպէյճանի մաս։ Պատգամին մէջ Արայիկ Յարութիւնեան կոչ ուղղեց, որպէսզի Արցախի ժողովուրդը պատրաստ ըլլայ պայքարի շարունակութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, Արայիկ Յարութիւնեան Հայաստանի իշխանութիւններուն ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի ձեռնպահ մնան՝ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու որեւէ գործողութենէ։

Բացի Յարութիւնեանի ելոյթէն, Ստեփանակերտէն երէկ հնչեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը։ Արցախի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր լրատուամիջոցներուն յայտ-նեցին, որ Հայաստան պարզապէս կը խուսափի, կը փախչի պատասխանատուութենէ։ Անոնք նաեւ կը մատնանշեն, որ Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնները կը համարեն Արցախի դէմ սարսափելի հարուած։

Միւս կողմէ, ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ալ վերջնագիր տուաւ Երեւանի այժմու ղեկավարութեան՝ յորդորելով լքել պարտուողական մտայնութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2023