ԸՆԴԱՐՁԱԿ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախընթաց օր միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Պրիւքսել, ուր մասնակցեցաւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) ընդլայնուած կազմով գագաթաժողովին։ Սոյն հաւաքին հրաւիրուած էին Եւրոպական Միութեան անդամ եւ անոր կողմէ հովանաւորուած Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներէ ԵԺԿ-ին անդամակցող կուսակցութիւնները ներկայացնող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան այս գագաթաժողովին մասնակցեցաւ իբրեւ ղեկավարը Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան, որ կը գտնուի իշխանութեան գլուխ։ Իր հետ Պրիւքսելի գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ կուսակցութեան ղեկավարներէն Արմէն Աշոտեան։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան Պրիւքսելի մէջ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ ԵԺԿ-ի ընդլայնուած կազմով գագաթաժողովին ընթացքին։ Հաւաքը գլխաւորեց ԵԺԿ-ի նախագահ Ժոզէֆ Տոլ։ Գագաթաժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր, Եւրոխորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թայանի եւ ԵՄ-ի շրջանակներէն այլ բազում դէմքեր։

Գագաթաժողովի օրակարգի շրջանակներէն ներս մասնակիցները քննարկեցին ԵՄ-ի գագաթաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները։ Արդարեւ, այդ մօտալուտ գագաթաժողովին ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել գաղթականաց խնդիրներն ու անոնց հիմնարար պատճառներու յաղթահարման ուղղեալ հարցեր։ Բացի գագաթաժողովի հիմնական օրակարգի հարցերէն, Պրիւքսելի մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Պալքաններու արեւմուտքին ստեղծուած իրավիճակին։

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պրիւքսելի գագաթաժողովին ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ արձանագրուած յառաջընթացին։ Ան կանգ առաւ նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութեան համագործակցութեան օրակարգին վրայ։ Սարգսեան Պրիւքսելի մէջ շօշափեց նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման խնդիրները։

Շաբաթ, Յունիս 24, 2017