ԷՔՐԷՄ ԻՄԱՄՕՂԼՈՒ

Իսթանպուլի բնակիչները երէկ քուէատուփի մօտ փութացին՝ քաղաքապետի ընտրութեան առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ 31 մարտի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն վերջ վիճարկուած էին Իսթանպուլի քաղաքապետի ընտրութեան արդիւնքները եւ Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդի որոշումով անհրաժեշտութիւն յառաջացած էր քուէարկութիւնը նորոգելու։ Ուրեմն, երէկ տեղի ունեցաւ քաղաքապետի ընտրութեան կրկնութիւնը։ Քաղաքի բնակիչ ընտրողներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մասնակցեցաւ քուէարկութեան։ Հիմնական թեկնածուներն էին «Միլլէթ» դաշինքին կողմէ առաջադրուած Էքրէմ Իմամօղլուն եւ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ առաջադրուած Պինալի Եըլտըրըմը։ Անցեալ քուէարկութեան արդիւնքով այս երկու թեկնածուներու ապահոված քուէներուն միջեւ կար շատ չնչին տարբերութիւն մը։ Իսկ երէկուան քուէարկութեան արդիւնքով ստեղծուեցաւ շատ աւելի տարբեր պատկեր մը։ Էքրէմ Իմամօղլու շատ համոզիչ արդիւնքով մը ընտրուեցաւ Իսթանպուլի քաղաքապետ։ Ընտրողներու 84.42 տոկոսը մասնակցեցաւ քուէարկութեան։ Իմամօղլու արժանացաւ ձայներու 54 տոկոսին, մինչ Պինալի Եըլտըրըմի ի նպաստ քուէները մնացին 45 տոկոսի սահմանին վրայ։ Այսպէսով, Իսթանպուլի քաղաքագլուխ դարձաւ ՃՀՓ-ական Էքրէմ Իմամօղլու։ Շուրջ 25 տարի վերջ Իսթանպուլի քաղաքապետարանէն ներս տեղի ունեցաւ իշխանութեան փոփոխութիւն։

Ընտրութեան արդիւնքներու հրապարակումէն վերջ Պինալի Եըլտըրըմ անմիջապէս շնորհաւորեց Էքրէմ Իմամօղլուն, որուն մաղթեց յաջողութիւն ու խոստացաւ զօրակցութիւն։ Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ ընկերային ցանցերու միջոցաւ շնորհաւորեց Էքրէմ Իմամօղլուն՝ ողջունելով ազգի կամքի դրսեւորումը։

Ընտրութեան արդիւնքներու յայտնի դառնալէն վերջ Էքրէմ Իմամօղլու ունեցաւ ելոյթ մը։ Սա թէեւ խանդավառ ելոյթ մըն էր, սակայն ոճը բաւական հաւասարակշռուած էր։ Ան ըսաւ, որ յաղթանակ մը խնդրոյ առարկայ չէ, այլ՝ կայ նոր սկիզբ մը։ Իմամօղլու նշեց, որ Իսթանպուլի նման մեծ քաղաքի մը խնդիրներուն լուծումը կախեալ է ինչպէս քաղաքապետարանէն, այնպէս ալ երկրի կեդրոնական ղեկավարութենէն։ Հետեւաբար, ան պատրաստակամութիւն յայտնեց նախագահ Էրտողանի հետ համագործակցելու ուղղութեամբ։ Նորընտիր քաղաքապետը յայտնեց նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն ժամադրութեան համար պիտի դիմէ նախագահ Էրտողանին։

Էքրէմ Իմամօղլու երէկուան ելոյթին մէջ շինիչ պատգամներ տուաւ՝ համընդգրկուն մօտեցումով գործելաոճ մը որդեգրելու ուղղութեամբ։ Այս ծիրին մէջ ան թուարկեց քաղաքի բնակիչ զանազան տարրերը ու թուրքերու եւ քիւրտերու առընթեր թուարկեց նաեւ հայոց եւ միւս փոքրամասնութիւններու անունը։ Ակնյայտ է, որ սա հազուագիւտ երեւոյթ մըն է երկրին մէջ։

Երէկուան արդիւնքներուն լոյսին տակ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն ալ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Կուսակցութեան կեդրոնին մէջ ան ըսաւ. «Բոլորը պիտի պարփակենք՝ ներառեալ մեզ քննադատողները։ Յարգանք պիտի ցուցաբերենք բոլորին եւ ամէն տեսակ մտածումի նկատմամբ։ Իւրաքանչիւրի ինքնութիւնը պիտի ըլլայ իր սեփական արժանապատուութիւնը։ Բոլորին հաւատը յարգանքի պիտի արժանանայ»։ Ան աւելցուց, որ պիտի ջանան Թուրքիան մեծցնել, զարգացնել։

Երէկ կարեւոր յայտարարութիւնով մըն ալ հանդէս եկաւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի։ Ան վերահաստատեց, որ «Ճումհուր» դաշինքը պիտի շարունակուի։ Պահչելի համոզուած է, որ ազգի նախընտրութիւնը յայտնի դարձած է, ընտրական գործընթացը պէտք է եզրափակուի եւ երկիրը պէտք է վերադառնայ իր բուն օրակարգին։

Երէկ երեկոյեան ժամերէն սկսեալ քաղաքական մեկնաբաններն ալ խորհրդածութիւններով հանդէս եկան ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Բնականաբար, Թուրքիոյ քաղաքական բեմահարթակին վրայ կ՚ակնկալուին որոշ փոփոխութիւններ։ Ներկայիս հետաքրքրութեամբ կը սպասուի նաեւ նախագահ Էրտողանի արձագանգին։ Արդարեւ, ԱՔ կուսակցութեան շարքերէն ներս չի բացառուիր ուժերու վերադասաւորում մը՝ ընտրութիւններու արդիւնքի վերջնական արժեւորման զուգահեռ։

Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2019