ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2018-2019 ԿՐԹԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Շաբաթ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքի հրաժեշտի արարողութիւնը։ Շրջանաւարտութեան հանդէսին ժամանակ տղաքը նախ այցելեցին Կեդրոնական վարժարանի հիմնադիր մեծանուն պատրիարք երանաշնորհ Տ. Ներսէս Արք. Վարժապետեանի շիրիմը։ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանի եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան այս փուլին հանդէս եկաւ շրջանաւարտներուն ուղղեալ խօսքով մը։

Աւելի վերջ շրջանաւարտութեան հանդէսի յայտագիրը գործադրուեցաւ Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ։ Կեդրոնականը այս տարի ունի 66 շրջանաւարտ։ Հանդէսի սկիզբին ընթացաւարտները ներկաները ողջունեցին բեմին վրայ եւ ելոյթով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։ Յայտագրի տեւողութեան վերյիշուեցան Կոմիտաս Վարդապետը, որու ծննդեան 150-ամեակը կը նշուի այս տարի, նաեւ նորոգ վախճանեալ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը։

Ներկաներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, Ղալաթիոյ Խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճու, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ, Կեդրոնականի ընտանիքէն զանազան դէմքեր, շրջանաւարտներու ծնողներ եւ հիւրեր։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Սէրլի Քարապուրունի եւ Արթուն Էմրէ Տողանի։ Յանուն շրջանաւարտներուն հրաժեշտի խօսքեր արտասանեցին Մելինէ Թեմելճի եւ Սարին Պայրամ։

Շրջանաւարտները պատուոյ հիւրերու ձեռամբ ստացան իրենց վկայականները։ Իրենց յաջողութեամբ առանձնացած 12 աշակերտներ պարգեւատրուեցան Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին, Մատլէն Արսլանեանի, Արծիւեան ընտանիքի, Բարսեղ Սարայլըի կողմէ, նաեւ Տքթ. Սեպուհ Երամեանի յիշատակին։

Որդւոց Որոտման տաճարէն վերջ յայտագիրը շարունակուեցաւ «Պէզճեան» սրահին մէջ, ուր սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը եւ շրջանաւարտներուն ի պատիւ հատուեցաւ կարկանդակ մը։

Այս բոլորէն վերջ, շրջանաւարտները միասնաբար ընթրեցին «1860 Suit» պանդոկին մէջ, որ կը գտնուի Մայր եկեղեցւոյ համալիրի հարեւանութեամբ։ Տղաքը ունեցան հաճելի ժամանց եւ զուարճացան մինչեւ ուշ ատեն։

Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2019