ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Արտակ Ապիտոնեան երէկ մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի 2020 թուականի անվտանգութեան վերանայման տարեկան համաժողովին, որ կազմակերպուած էր տեսակապի ձեւաչափով։ Համաժողովի բացման ելոյթներով հանդէս եկան ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Ալպանիոյ վարչապետ ու Արտաքին գործոց նախարար Էտի Ռամա եւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէր։ Փոխ-նախարար Արտակ Ապիտոնեան եւս ելոյթ մը ունեցաւ համաժողովի ընթացքին։ Այս առթիւ ան առաջնահերթօրէն անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ապիտոնեան ընդգծեց, որ Հայաստան եւ Արցախ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ 1994 թուականի հրադադարի մասին անժամկէտ համաձայնագրի տարրին ու ոգիին։ Ապիտոնեան յիշեցուց լրագրողներու փոխանակումը հակամարտ երեք կողմերու միջեւ՝ որպէս վստահութեան ձեւաւորման լաւ օրինակ։ Սա կրնայ նպաստել լարուածութեան նուազեցման եւ ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու համար նպաստաւոր պայմաններու ստեղծման։ Ապիտոնեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ այդուհանդերձ Ատրպէյճանէ ներս պետական մակարդակով կը հնչէ շարունակական ռազմատենչ հռետորաբանութիւն, տարածքային պահանջներ առաջ կը քշուին, պատմութիւնը վերաշարադրելու փորձերը կը խոչընդոտեն հաշտութեան գործընթացը։

«Հայաստան առաջիններէն էր, որ իր աջակցութիւնը յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի՝ համաշխարհային հրադադար հաստատելու ուղղեալ կոչին։ Հայաստան ողջունեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը վտանգող որեւէ գործողութենէ հրաժարելու ուղղեալ կոչը՝ նկատի ունենալով դիտարկումներ իրականացնելու առկայ սահմանափակումները։ Հակառակ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կոչերուն, Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել հրադադարի դրութիւնը՝ թիրախաւորելով քաղաքացիական բնակչութիւնը եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները։ Աւելի՛ն, ԵԱՀԿ-ի Վիեննայի փաստաթուղթի դրոյթներու խախտումներով կատարուած են լայնածաւալ զօրավարժութիւններ՝ սրելով առանց այդ ալ արդէն փխրուն անվտանգային իրավիճակը։ Ճգնաժամի պարագային, ինչպէս քորոնաժահրի համաճարակը, առաւել կը կարեւորուի ԵԱՀԿ-ի ներկայութիւնը հակամարտութեան գօտիէն ներս», ըսաւ Արտակ Ապիտոնեան։

Բաց աստի, տեսաժողովի ընթացքին փոխ-նախարարը շեշտեց, որ քաղաքական կամքի եւ հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծման իսկական յանձնառութեան բացակայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական խոչընդոտներէն մին է։ Պաքուի որդեգրած դիրքորոշումը չի նպաստեր հակամարտ կողմերու միջեւ այդքան անհրաժեշտ երկխօսութեան եւ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատման։

Փոխ-նախարարը ելոյթի վերջաւորութեան ըսաւ. «Մենք բոլորս յանձնառու ենք ամրապնդելու անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը ԵԱՀԿ-ի տարածքաշրջանէն ներս։ Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ ռազմաքաղաքական հարթութեան վրայ իր կողմէ ստանձնուած պարտաւորութիւններուն եւ յանձնառութիւններուն։ Մենք պիտի շարունակենք մեր աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը ԵԱՀԿ-ի տարածքաշրջանէն ներս կայունութեան եւ վստահութեան հաստատման ուղղեալ բոլոր ջանքերուն»։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020