ՆՈՐԱՁԵՒ ՊԱՅՈՒՍԱԿՆԵՐ

Կնոջ պայուսակի պատմութիւնը սկսած է տղամարդու գրպանէն: 14-րդ դարուն տղամարդիկ կը կրէին պայուսակներ, որոնք սովորաբար ամրացուած կ՚ըլլային գօտկատեղին եւ որոնք փոխարինուեցան գրպանով: Այդ ժամանակ գեղեցիկ սեռի ներկայացուցիչները անհրաժեշտութիւն համարեցին իրենց օր ըստ օրէ մեծ չափերու հասնող զարդերու համար ունենալ պայուսակ մը, որ աւելի շատ նման էր մեր օրերու հարսի պայուսակներուն:

1900-ականներուն նորաձեւ դարձաւ «կանացի պայուսակներ» բնութագրումը, որ մեծ իրադարձութիւն էր նորաձեւութեան ասպարէզին մէջ: Իսկ մի քանի տասնամեակ վերջ աշխարհահռչակ նորաձեւութեան տուներ իրենց պատրաստած կանացի պայուսակներու տեսակներով կը զարմացնէին ու կը հիացնէին կիները։ Յետագային, մինչեւ այսօր իրենց արտադրանքի պայուսակները ամենէն շատ կը կրկնօրինակուին ու ճաշակ կը թելադրեն նորաձեւութեան աշխարհին։ Ինչպէս գիտենք, նորաձեւութիւնը կը կրկնուի մի քանի տասնամեակ անց, պայուսակներն ալ բացառութիւն չեն կազմեր: Թէեւ կը կրկնուին, սակայն ամէն ժամանակաշրջան կը թողէ իր հետքը։ Օրինակ՝ վերջին տարիներուն պայուսակներու գրպաններու թիւը աւելցած է՝ բջիջային հեռախօսի համար նախատեսուած գրպանիկով։

Իսկ ինչպիսի՞ն են այս ամառուայ ամենանորաձեւ պայուսակները։

Պայուսակ գնելը չափազանց պատասխանատու գործ է։ Թանկարժէք աքսեսուարի մը ներդրում կատարելու համար պէտք է վստահ ըլլալ, որ ան ձեզի կը ծառայէ իր գեղեցկութեամբ ոչ թէ մէկ ամիս, այլեւ երկար տարիներ:

Harpers Bazaar կը ներկայացնէ այս ամառուան տասն առաւել նախընտրուած պայուսակները, որոնք վստահաբար նորաձեւ կ՚ըլլան յաջորդ տարիներուն եւս։

Անոնք յայտնի ընկերութիւններու այն պայուսակներն են, որոնք կը նախընտրեն ոճաբանները, աստղերն ու կը ցուցադրուին նորաձեւութեան ամսագրերու մէջ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020