ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻՆ

Christian Dior ֆրանսական աշխարհահռչակ նորաձեւութեան տունը վերջերս յայտարարեց, որ յառաջիկայ յուլիսին կը վերսկսին նորաձեւութեան ցուցադրութիւնները։

Յառաջիկայ յուլիսի 22-ին, Իտալիոյ Լեճճէ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Cruise միջնաեղանակային շարքի առաջնացուցադրութիւնը, որ պիտի հեռարձակուի ուղիղ եթերով, յայտնեց ընկերութեան գործադիր տնօրէն Փիէթրօ Պեքքարի։

«Dior կը ծրագրէ նաեւ կանանց հագուստի ցուցադրութիւն մը կազմակերպել Փարիզի մէջ՝ սեպտեմբերին», ըսաւ Պեքքարի՝ աւելցնելով, որ կախեալ իրավիճակէն այդ ժամանակ հնարաւոր է նաեւ հանդիսատեսի ներկայութիւնը։

«Նորաձեւութեան շաբաթը կարեւոր է ոչ միայն նորաձեւութեան ընտանիքի, այլեւ այն քաղաքի համար, ուր կը կազմակերպուին ցուցադրութիւններ», ըսաւ Dior-ի կանանց հաւաքածոներու ստեղծագործական տնօրէն Մարիա Կրազիա Քիւրի:

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020