ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒՄ

Երեխաները աւելի դիւրին կը յաղթահարեն քորոնաժահրը՝ քանի որ անոնք յաճախ կը հիւանդանան։

Գիտնականներու կարծիքով, երեխաները աւելի դիւրին կը յաղթահարեն քորոնաժահրը, քանի որ անոնց մարմինը «սովոր է» պայքարիլ ժահրերու դէմ: Փոքր տարիքին պաղառութիւնը յաճախակի երեւոյթ է: Սա կը նշանակէ, որ T բջիջները աւելի լաւ պատրաստուած են քորոնաժահրի դէմ պայքարի: Ի վերջոյ, COVID-19-ը քորոնաժահրի տեսակներէն մէկն է, միւսները տարածուած են աշխարհով մէկ եւ երեխաները յաճախ կը վարակուին, յատկապէս պաղառութեան եղանակի ընթացքին:

«Հետաքրքրական ենթադրութիւն մը կայ, թէ երիտասարդ կամ միջին տարիքային խումբերու պատկանող մարդոց մօտ կրնան ըլլալ T բջիջներ, որոնք գուցէ արդէն հանդիպած են քորոնաժահրի հետ», այս մասին կ՚ըսէ Օքսֆորտի համալսարանէն փրոֆ. Ճոն Պել։

Մեծահասակներու դիմադրողական համակարգը տարբեր ձեւով կ՚արձագանգէ: Տարբերութիւնը այն է, որ երեխաները մէկ տարուան ընթացքին կը հիւանդանան մօտաւորապէս 12 անգամ, իսկ մեծահասակները՝ միջին հաշուով, ոչ աւելի, քան 4 անգամ: Եթէ ​​աւելի յաճախ կը հիւանդանաք, ապա անպայման պէտք է դիմէք բժիշկի մը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2020