ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի ղեկավարութեան կողմէ երէկ երեկոյեան ամառնամուտի առթիւ հաւաքոյթ մը կազմակերպուեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն համար։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու մասամբ մեղմացման զուգահեռ նախատեսուած էր այս ընդունելութիւնը, որու տանտէրն էր ԱՔ կուսակցութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի նախագահ Օսման Նուրի Քապաքթեփէ։ Պէյքոզի «Մեճիտիյէ» ապարանքի պարտէզներուն մէջ սարքուեցաւ այս ընդունելութիւնը, որու ընթացքին Քապաքթեփէի կողքին էին իր երկու տեղակալները՝ Ֆահրի Շահին եւ Մահմուտ Կիւրճան, ինչպէս նաեւ նահանգային մասնաճիւղի ղեկավարութենէն այլ դէմքեր։ Վոսփորի գեղատեսիլ համայնապատկերին վրայ երեկոյթի ընթացքին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին թրքական եւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներէ բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր։ Ընդունելութեան հրաւիրուած էր նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 24, 2021