ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ տեղի ունեցան հեռախօսազրոյցներ։ Այսպէս, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնով խօսեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ալիեւի նախաձեռնութեամբ նախատեսուած զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։

9 նոյեմբեր 2020 թուականին եւ 11 յունուար 2021 թուականին Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած համաձայնութիւններու իրականացման հեռանկարները աչքէ անցուեցան երկու ղեկավարներուն կողմէ։ Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուեցաւ Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական կապերու եւ փոխադրութեան ուղիներու վերականգնման շուրջ եռակողմանի ձեւաչափով աշխատանքներու աշխուժացումը։ Փութին եւ Ալիեւ վերահաստատեցին երկկողմանի ռազմավարական գործընկերութիւնը ամրապնդելու պատրաստակամութիւնը։ Նախագահները համաձայն գտնուեցան՝ շարունակելու համար շփումները զանազան մակարդակներու վրայ։ Բաց աստի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ հեռախօսազրոյց մը։ Նախարարները եւս քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վերաբերեալ եռակողմանի համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը։ Լաւրով եւ Պայրամով ընդգծեցին երեք երկիրներու փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ ստեղծուած եռակողմանի աշխատանքային խումբի կարեւոր ներդրումը՝ տարածքաշրջանէ ներս յետպատերազմեան շրջանի զարգացման ուղղութեամբ։ Նախարարներն ալ մասնաւորապէս ընդգծած են տարածքաշրջանէ ներս տնտեսական եւ փոխադրութեան կապերու ապաշրջափակման պատրաստակամութիւնը։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ եւս երէկ անդրադարձաւ եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութեան վերսկսման հարցին։ Ըստ իրեն, այդ խումբը բաւական արդիւնաւէտ աշխատանք ծաւալած է։ Այժմ, երբ Հայաստանի մէջ ընտրական գործընթացը հասած է իր աւարտին, Պաքու կ՚ակնկալէ, որ եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը վերսկսի։ Այդ եռակողմանի խումբը կը զբաղի անցեալ տասնամեակներուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքով տարածքաշրջանէ ներս արգելափակուած հաղորդակցութիւններու վերաբացման հարցերով։ «Հայաստանի մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն յետոյ եռակողմանի խումբի աշխատանքը կը վերսկսի», յայտնեց Շահին Մուսթաֆաեւ։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ անդրադարձաւ յետպատերազմեան շրջանի այլ կարեւոր հարցերէն մէկուն՝ գերիներու վերադարձին։ Ըստ իրեն, ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գրասենեակը կրնայ ներգրաւուիլ՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմէն վերջ փախստականներու վերադարձի ապահովման գործընթացին։ Բանբերը տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին գերագոյն յանձնակատարը արդէն երկրորդ անգամ պիտի այցելէ Մոսկուա։

Իլհամ Ալիեւն ալ երէկ հերթական անգամ անդրադարձաւ այս հարցին։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճան յաջողած է Հայաստանէն ստանալ միայն Աղտամի շրջանի ականապատուած գօտիներու քարտէսը։ Այլ շրջաններէ ներս ալ հարիւր հազարաւոր ականներ կան, սակայն հայկական կողմը կը հրաժարի քարտէսները Պաքուին տրամադրելէ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեանն ալ երէկ յայտնեց, որ հնարաւորութիւն գոյութիւն ունի գերիներու վերադարձի հարցին շուրջ համաձայնութեան հասնելու եւ խնդիրները երկկողմանի հարթութեան վրայ լուծելու։

ԶՕՐԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Բաց աստի, «Սփութնիկ» ռուսական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վերջին երեք օրերուն Նախիջեւանի մէջ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զօրքերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած են հերթական ռազմափորձերը, որոնք երէկ հասած են իրենց աւարտին։ Զօրավարժութիւնները ունեցած են յատուկ մարտավարական բնոյթ։

Հինգշաբթի, Յունիս 24, 2021