ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԷՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին՝ շաբաթավերջի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան մէջ արձանագրած յաջողութեան համար։ Սուրբ Աթոռի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորականին մէջ նշած է հետեւալը. «Ի բոլոր սրտէ կ՚աղօթենք, որ Հայրենիքէն ներս նպաստէք համերաշխութեան հաստատման եւ իրականացնէք մեր ժողովուրդի ակնկալիքները՝ բարձրացնելով Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու անվտանգութիւնը, բարեփոխէք Հայոց Բանակը եւ նպաստէք անոր մարտունակութեան վերականգնման, զարգացնէք տնտեսութիւնն ու բարելաւէք մեր Հայրենիքի ընկերային պայմանները»:

Նորին Ամենապատուութիւնը կ՚աղօթէ վարչապետի քաջառողջութեան եւ պարտականութիւններու յաջող կատարման համար եւ կ՚ակնկալէ, որ օր մը զինքը տեսնէ Սուրբ Աթոռի մէջ։

Այսպէսով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու շարքին Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը միակն է, որ շնորհաւորած է Փաշինեանը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը առայժմ չեն շնորհաւորած Փաշինեանը, որուն տակաւին նոր կառավարութիւնը կազմելու առաքելութիւնն ալ պաշտօնապէս յանձուած չէ։

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ Նիկոլ Փաշինեան երէկ շարունակեց զանազան քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու հետ խորհրդակցութիւնները, որոնց ձեռնարկած է շաբաթավերջի արտահերթ ընտրութեան լոյսին տակ։ Այսպէս, երէկ օրուան տեւողութեան ան հանդիպումներ ունեցաւ «Ալիանս» կուսակցութեան ղեկավար Տիգրան Ուրիխանեանի, Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Միքայէլ Հայրապետեանի, «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Դաւիթ Սանասարեանի, Եւրոպական կուսակցութեան ղեկավար Տիգրան Խզմալեանի եւ քաղաքական գործիչ Տիգրան Արզաքանցեանի հետ։

Հինգշաբթի, Յունիս 24, 2021