ԿԱՅՈՒՆԱՑՆԵԼ ՎԻՃԱԿԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի պարտութենէն վերջ պէտք է նաեւ աշխատիլ արտաքին կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ։ Սպանական «El Pais» յայտնի թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Պէտք է կայունացնենք իրավիճակը եւ կեդրոնանանք բազմաթիւ խնդիրներու վրայ»։

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան լոյսին տակ Արմէն Սարգսեան նշած է, որ այդ փոփոխութիւնը կը լուծէ երկրի առկայ բազմաթիւ խնդիրներ։

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիր մը չէ ստորագրուած, հրադադարի յայտարարութիւն մը կատարուած է։ Այդ մէկը ունի երրորդ կողմ մը՝ Ռուսաստանը, որ հաստատուած հրադադարի երաշխաւորն է։ Ըստ իրեն, Մոսկուայի դերը այստեղ շատ կարեւոր է։ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս առնուազն հինգ տարի պիտի գտնուին ռուս խաղաղապահները։ «Եթէ Ռուսաստանը այնտեղ չըլլայ, ապա իրավիճակը բոլորովին այլ կ՚ըլլայ», նշած է Սարգսեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 24, 2021