ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն այս օրերուն կ՚այցելէ Եւրոպա։ Երէկ, ան Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ Լիպիոյ հիմնախնդրին շուրջ կազմակերպուած խորհրդաժողովին, որու ծիրէն ներս հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասի հետ։ Պլինքընի ուղեւորութիւնը կը շարունակուի դէպի Ֆրանսա, Իտալիա եւ Վատիկան։

Պերլինի մէջ Պլինքըն յայտարարեց, որ «Հիւսիսային հոսք-2» կազամուղ խողովակաշարի գաղափարը Ռուսաստանի աշխարհաքաղաքական ծրագիրն է եւ կը սպառնայ Ուքրայնային։ Ուաշինկթըն ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի Մոսկուա չկարողանայ ուժանիւթը օգտագործել որպէս լծակ՝ Ուքրայնոյ վրայ ազդելու համար։

Ըստ Պլինքընի, այդ կազամուղը կը սպառնայ Եւրոպայի ուժանիւթի անվտանգութեան։ Թէեւ Գերմանիա այլ տեսակէտ ունի այս առումով, սակայն Պլինքըն սա բնականոն համարեց եւ ըսաւ, որ նման երեւոյթներ ժամանակ առ ժամանակ կրնան յառաջանալ բարեկամներու յարաբերութիւններուն մէջ։

Հարկ է նշել, որ այսօր նաեւ կը սկսի Եւրոմիութեան գագաթաժողովը։ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել առաջարկած է, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները մէկտեղուին Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Էնթընի Պլինքըն յառաջիկայ օրերուն Իտալիոյ մէջ կը մասնակցի նաեւ Մեծ քսանեակի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։

Հինգշաբթի, Յունիս 24, 2021