ՏԵՒԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան երէկ յայտնեց, որ Ռուսաստանի հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանի Գեղարքունիքի մարզի հատուածին վրայ սահմանապահներու տեղակայման համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կիւմրիի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ փոխ-վարչապետը յայտնեց, որ սա տեղի կրնայ ունենալ միայն այն պարագային, երբ Ատրպէյճանի զօրքերը ամբողջութեամբ լքեն Հայաստանի տարածքը։ Ինչպէս ծանօթ է, 12 մայիս 2021 թուականէն ի վեր Ատրպէյճանի բանակը խախտած է Հայաստանի սահմանները թէ՛ Սիւնիքի եւ թէ Գեղարքունիքի մարզերու հատուածներէն։ Տիգրան Աւինեան նշեց, որ Հայաստան սահմանային տագնապի հարցին մէջ իր դիրքորոշումէն չի նահանջեր։

«Մեր դիրքերուն մէջ մենք ետքայլի տեղ չունինք։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն։ Մենք ջանք ու եռանդ չենք խնայեր այս ուղղութեամբ։ Ռուսական կողմի հետ կայ քննարկում, սակայն ռուս խաղաղապահները պիտի տեղակայուին միայն այն ժամանակ, երբ Ատրպէյճանի ուժերը դուրս գան», յայտնեց ան։

Հինգշաբթի, Յունիս 24, 2021