ԾՈՑԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ շրջայցի մը ձեռնարկեց դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ։ Թուրքիա ներկայիս ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը ջանայ իր նպաստը բերել Քաթարի ճգնաժամի յաղթահարման։ Էրտողանի ներկայ ուղեւորութիւնն ալ կը հետապնդէ այս նոյն նպատակը։

Հանրապետութեան նախագահը երէկ այցելեց Սէուտական Արաբիա, ուր Սելման թագաւորի հետ հանդիպում մը ունեցաւ Ճիտտէի մէջ։ Դռնփակ բանակցութիւններուն ընթացքին Էրտողանի հետ էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Տնտեսութեան նախարար Նիհատ Զէյպէքճի, Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրէտտին Ճանիքլի, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Սելման թագաւորը կէսօրուան ճաշ մը սարքեց ի պատիւ Էրտողանի։ Հանրապետութեան նախագահը հանդիպեցաւ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ։

Աւելի վերջ Էրտողան ուղեւորուեցաւ Քուէյթ, ուր հիւրընկալուեցաւ Էմիր Շէյխ Սապահ Էլ Ահմէտ Էլ Ճապիր Էս Սապահի կողմէ։

Այս շփումներէն վերջ Էրտողան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով եւ աւելցուց, որ Թուրքիա բացարձակապէս ճիշդ չի համարեր Արաբական ծոցի իր եղբայրներուն միջեւ դժուարութիւնները։ Վերջին իրադարձութիւնները մեծ ցաւ կը պատճառեն թրքական կողմին։ «Որպէս մահմետականներ՝ մենք աւելի քան երբեք պէտք է ամրապնդենք մեր շարքերը, իրարու պէտք է փարինք. այսպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ ենք», ըսաւ ան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 24, 2017