ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Հրայր Ճէպէճեանը, որ կարճ այցելութիւն մը կու տայ քաղաքս։ Հարկ է նշել, որ Հրայր Ճէպէճեան Ս. Գրոց ընկերութեան Միջին Արեւելքի մասնաճիւղի ղեկավարն է։ Ան քաղաքս եկած է մասնակցելու համար նոյնպէս Ս. Գրոց ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած ժողովի մը։ Այսօր նախատեսուած է այդ ժողովը։

Հրայր Ճէպէճեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Ան թերթիս հետ երկար տարիներէ ի վեր ունի կայուն կապ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Ճէպէճեան մեզի բացատրեց, որ Ս. Գրոց ընկերութեան Միջին Արեւելքի մասնաճիւղը ձեռնարկած է տարածքաշրջանի երկիրներուն ուղղեալ ծրագիր մը։ «Աստուածաշունչի յանձնառութեան եւ ընկալումի ծրագիր» կը կոչուի այդ մէկը, որու ծիրէն ներս Իսթանպուլի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ժողով մը։ Ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ կու գայ Մերձաւոր Արեւելքի տարածքաշրջանի տեսակէտէ կենսական նիւթ մը։ Արդարեւ, ինչպէս ծանօթ է, վերջին տարիներուն այս տարածքաշրջանի օրակարգէն անպակաս են պատերազմները, ինչ որ մարդկային եւ հոգեբանական իմաստով թէ՛ հաւաքական եւ թէ անհատական հարթութեան վրայ կ՚ունենայ ծանր հետեւանքներ։ Այսօրուան ժողովի ընթացքին, Հրայր Ճէպէճեանի մասնակցութեամբ կը քննարկուի, թէ ինչպէս Աստուածաշունչը եւ անոր պատգամը կարելի է գործածել մարդկային հաւաքականութիւններու դժուարին կեանքի պայմաններուն մէջ։ Հաւաքոյթի նպատակն է մասնաւորապէս Սուրիայէն եւ Իրաքէն պարտադրաբար գաղթած տուժած ընտանիքներու զաւակներուն նկատմամբ խնամքը։ Արդարեւ, այդ ընտանիքներու զաւակները հոգեւոր ընկճուածութենէ դուրս բերելու ուղիները, զանոնք առկայ հոգեվիճակէն ազատելու հնարաւորութիւնները կը քննարկուին այսօր ժողովին ընթացքին՝ Հրայր Ճէպէճեանի մասնակցութեամբ։

Իր ուղեւորութեան նպատակներուն մասին բացատրութիւններ տալէ վերջ, Հրայր Ճէպէճեան շրջայց մը կատարեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունէն ներս։ Ան թէեւ առաջին անգամ չէր հիւրընկալուէր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին կողմէ, սակայն այս անգամ փափաքեցաւ առանձնայատուկ յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղել թերթիս հիմնադիրներուն՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրենրու կեանքին ու գործունէութեան շուրջ։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին Հրայր Ճէպէճեան շեշտեց, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը մեծ առաքելութիւն մը կը կատարէ եւ ինք կանոնաւորապէս ամէն օր կը հետեւի անոր կայքէջին։

Այսօրուան ժողովներուն մասնակցելէ վերջ Հրայր Ճէպէճեան ուշ երեկոյեան քաղաքէս հրաժեշտ կ՚առնէ՝ դէպի Պէյրութ։

Հարկ է նշել, որ Հրայր Ճէպէճեան սփիւռքահայ մտաւորականներու փաղանգին մէջ կ՚առանձնանայ իր կանոնաւոր արտադրութեամբ։ Ան ասպարէզի բերումով յաճախ կը ճամբորդէ եւ այդ ուղեւորութիւններուն ընթացքին հայկական կեանքին, աշխարհացրիւ հայութեան վերաբերեալ կ՚ընէ սուր դիտարկումներ, որոնց հիման վրայ գրի կ՚առնէ իսկապէս հետաքրքրական յօդուածներ։ Բոլորովին վերջերս այդ յօդուածներու հիման վրայ Հրայր Ճէպէճեան լոյս ընծայած է նաեւ գիրք մը։ Ճէպէճեան իր ստորագրած յօդուածները կ՚ուղարկէ սփիւռքեան բոլոր թերթերուն, ինչպէս ծօնաթ է մեր ընթերցողներուն՝ իր գրութիւնները տեղ կը գտնեն նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 24, 2018